Փենթակոնի պահանջած 200 միլիառ տոլարը միայն այսպըրկի (սառնալեռ) գագաթն է: Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին:
«Մենք ընդամէնը երեք շաբաթ է՝ այս ընտրովի պատերազմի մէջ ենք, որ պարտադրուած է թէ՛ իրանցիներուն, թէ՛ ամերիկացիներուն։
Այս 200 միլիառ տոլարը միայն այսպըրկի գագաթն է։ Սովորական ամերիկացիները կրնան շնորհակալութիւն յայտնել Բենիամին Նաթանիահուին եւ Քոնկրեսի մէջ անոր կամակատարներուն՝ թրիլիոն տոլարանոց «Իսրայէլն առաջնահերթ է» հարկի համար, որ շուտով պիտի հարուածէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան»,- գրած է Արաքչին։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Washington Post-ը յայտնած էր, որ Փենթակոնը Սպիտակ տունէն խնդրած է Քոնկրեսի կողմէ հաստատել լրացուցիչ ֆինանսաւորում Իրանի հետ կապուած ռազմական գործողութիւններու համար՝ աւելի քան 200 միլիառ տոլարի չափով։
Washington Post-ը, յղում ընելով վարչակազմի բարձրաստիճան աղբիւրի, գրած էր, որ այս գումարը զգալիօրէն կը գերազանցէ ռազմական արշաւի համար ծախսերու՝ աւելի վաղ հրապարակուած թիւերը։