image

ԱՄՆ-ն յայտնած է Իրանի դէմ պատերազմին 7-րդ զինծառայողի զոհուելու մասին

ԱՄՆ-ն յայտնած է Իրանի դէմ պատերազմին 7-րդ զինծառայողի զոհուելու մասին

 

ԱՄՆ զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր ամերիկացի զինծառայողներու շարքերէն զոհերու թիւը հասած է 7-ի։

X հարթակին կատարած գրառման մէջ հրամանատարութիւնը նշած է, որ 7-րդ զինծառայողը մահացած է մարտ 1-ին Սէուտական Արաբիոյ վրայ իրանական յարձակումին ժամանակ ստացած վիրաւորումներէն։

Այլ գրառման մէջ CENTCOM-ը հաղորդած է, որ մարտ 6-ին Քուէյթի մէջ ԱՄՆ Ազգային պահակազօրի զինուոր մահացած է առողջական խնդրի հետ կապուած դէպքի մը հետեւանքով։ Անոր մահուան պատճառը տակաւին կը քննուի։

Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ ամերիկեան կառոյցներու դէմ իրանական հարուածները յաջորդած էին Իրանի դէմ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի հասցուցած հարուածներուն։ Փետրուար 28-ին սկսած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Իրանի մէջ զոհերու թիւը անցած է 1300-ը։ Իսրայէլը հաղորդած է 10-էն աւելի զոհի մասին։