image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան վերջնական համաձայնագրի կնքման ճանապարհին դեռ կան խոչընդոտներ. ԱՄՆ հետախուզական ծառայութիւն․ Ազատութիւն

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան վերջնական համաձայնագրի կնքման ճանապարհին դեռ կան խոչընդոտներ. ԱՄՆ հետախուզական ծառայութիւն․ Ազատութիւն

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերջնական համաձայնագրի կնքման ճանապարհին դեռ կան խոչընդոտներ, արձանագրած է Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւնը: Սպառնալիքներու գնահատման՝ այսօր հրապարակուած տարեկան զեկոյցին մէջ կառոյցն օրինակ բերած է  Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու Ատրպէյճանի պահանջը

«Նախագահ Ալիեւը կը շարունակէ պնդել, որ Հայաստանը պէտք է փոխէ Սահմանադրութիւնը՝ հեռացնելով յղումը, որ, անոր խօսքով, կ՚ենթադրէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի մաս է։ Այդ կը պահանջէ սահմանադրական հանրաքուէ Հայաստանի մէջ, որու ընդունումը երաշխաւորուած չէ», - գրած է ամերիկեան հետախուզական ծառայութիւնը:

Միաժամանակ տարեկան զեկոյցը արձանագրած է, որ օգոստոսին Ուաշինկթընի հովանաւորութեամբ Սպիտակ տան մէջ կայացած Խաղաղութեան գագաթնաժողովը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար ստեղծած է հնարաւորութիւն՝ հասնելու երկարատեւ խաղաղութեան համաձայնագրի եւ նպաստելու տարածաշրջանային կայունութեան աճին։

Աւելին՝ սկզբնաղբիւր կայքէն։