Պաշտպանութեան բանակէն կը տեղեկացնեն, որ երէկ երեկոյեան, դեռ անյայտ պայմաններու մէջ, կորսուած է կապը Հատրութի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերու ուղղութեամբ տեղակայուած ԱՀ ՊԲ քանի մը մարտական դիրքերու անձնակազմի հետ։ Ամբողջ գիշերը եւ այսօր առաւօտեան շարունակուած են որոնողական աշխատանքները։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի միջնորդութեամբ գործուն քայլեր կ'իրականացուին պարզելու հայ զինուորականներու գերեվարման հաւանականութիւնը, այն հաստատուելու պարագային անհրաժեշտ գործողութիւններ ձեռնարկելու համար։
Պարբերաբար տեղեկատւութիւն պիտի տրամադրուի որոնողական աշխատանքներու ընթացքի վերաբերեալ։