image
Հրատապ լուրեր:

Կեանքէն հեռացած է ազգային բարերար Սարգիս Պետեւեանը

Կեանքէն հեռացած է ազգային բարերար Սարգիս Պետեւեանը

Կեանքէն հեռացած է ամերիկաբնակ ազգային բարերար Սարգիս Պետեւեան։ Այս մասին կը տեղեկանանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիմատետրեան էջի տարածած հաղորդագրութենէն։

Ան օժանդակած է Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցի կայացման: Հովանաւորած է Գիւմրիի մէջ հանրակրթական դպրոցի կառուցումը: Անոր բարերարութեամբ Վանաձորի մէջ կառուցուած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Մայր եկեղեցին, որու օծումէն 3 տարի անց շահագործման յանձնուած է Հայորդեաց տունը: Հին վեհարանի հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ գտնուող Խրիմեան թանգարան-պատկերասրահը, որ կառուցած է Մկրտիչ Խրիմեան կաթողիկոսը՝ 1896 թուականին, հիմնանորոգուած է Սարգիս եւ Հռութ Պետեւեաններու բարերարութեամբ: Պետեւեան ընտանիքն իր նպաստը բերած է Էջմիածնի Մայր Տաճարի նորոգման։