image

Կազի գիները համաձայնութեան գլխաւոր խոչընդոտ. Politico

Կազի գիները համաձայնութեան գլխաւոր խոչընդոտ. Politico

Եւրոմիութեան բոլոր երկրները համաձայն են, որ դաշինքը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ ուժանիւթ կրողներու սրընթաց աճող գիներու նուազեցման համար, սակայն ուժանիւթի նախարարներու ուրբաթ օր տեղի ունեցած արտակարգ գագաթաժողովը խճճուած էր մանրամասներու մէջ, թէ ինչպէս պիտի աշխատի այդ քաղաքականութիւնը:

Հանդիպման վերջին արձանագրութեան համաձայն, որ տրամադրուած է POLITICO-ին, նախարարները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են անցեալ շաբթուան սկիզբը Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէնի կողմէ ներկայացուած քաղաքական քանի մը հիմնական առաջարկներուն:

Անոնց շարքին են ուժանիւթ արտադրելու համար թանկարժէք բնական կազ չօգտագործող արտադրողներու գերշահոյթի հարկը, եւ շահոյթի զուգահեռ վերադարձը հանածոյ վառելիքով աշխատող եւ մրցանշային եկամուտներ ստացող ընկերութիւններուն, ելեկտրական ուժանիւթի սպառման կրճատումները համակարգելը եւ «արտակարգ իրացուելիութեան գործիքներ» տրամադրելը ուժանիւթային ընկերութիւններուն՝ հանրային սակարաններուն մէջ առեւտուրի բարձր գրաւադրման ծախսերը հոգալուն օգնելու համար։

Նախարարները ընդհանուր աջակցութիւն յայտնած են այս կամ այն ձեւով բնական կազի գիները սահմանափակելուն, սակայն տարաձայնութիւններ ծագած են այն առումով, թէ կը տարածուի արդեօք սահմանափակումը բոլոր ներմուծումներու, թէ միայն Ռուսիայէն ներմուծումներու վրայ, ինչպէս ֆոն տէր Լայէնն առաջարկած է այս շաբաթ:

Տարաձայնութիւններ կան նաեւ այն հարցի շուրջ, թէ ինչպէս նուազեցնել ուժանիւթի պահանջարկը: Յանձնաժողովը կ'ուզէ, որ այն պարտադիր ըլլայ, բայց ոչ բոլոր երկիրները համաձայն են ատոր հետ:

Մինչեւ 2023 թուականի վերջը պետական օգնութեան կանոնները մեղմելու խնդրանքը նոյնպէս կարեւոր տեղ զբաղցուցած է նախարարներու հարցումներուն մէջ. սա թոյլ կու տար կառավարութիւններուն փրկել թոյլ ընկերութիւնները, որոնք կը բախին Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքներուն:

Բացի գիներու համաշխարհային սահմանափակումներէն, նախարարներն անդրադարձած են եւս մէկ գաղափարի, որ չէ առաջարկուած ֆոն տէր Լաէնի կողմէ։

Անոնք կոչ ըրած են «վստահութեան ազդանշան տալ ելեկտրական ուժանիւթի շուկային»՝ աշխուժացնելով ԵՄ-ի գործող վթարային արգելակը՝ ելեկտրական ուժանիւթի մեծածախ գիներու ինքնաբերաբար բարձրացման վրայ:

Այս գաղափարները ուղարկուած են Յանձնաժողով՝ հետագայ մշակման համար:

«Յաջորդ շաբաթ մենք պիտի առաջարկենք աննախադէպ միջոցներ աննախադէպ իրավիճակի համար»,- գագաթաժողովէն ետք ըսած է Ուժանիւթի հարցերով ԵՄ յանձնակատար Քատրի Սիմսընը։

Հիմնական պայքարն այն էր, թէ ինչպէս կարելի է իջեցնել բնական կազի գինը իրական ժամանակի մէջ, որ մէկ տարուայ համեմատ աճած է եօթ անգամ եւ բարձրացուցած ելեկտրական ուժանիւթի գիները: Յանձնաժողովն առաջարկած է սահմանափակել միայն ռուսական կազը, սակայն շատ երկիրներ կ'ուզեն, որ այն տարածուի բոլոր ներմուծումներու վրայ։

Իտալիոյ բնապահպանական անցումային հարցերով նախարար Ռոպերթօ Չինկոլանին ըսած է, որ 15 երկիրներ կողմ են ամբողջ բնական կազի գինի սահմանափակումներուն, ընդ որում միայն երեքը կը պահանջեն սահմանափակումներ Ռուսիոյ համար, եւ ութ այլ նախարարներ կամ դէմ են, կամ չէզոք են, կամ անհանգստացած են տնտեսական հետեւանքներէն:

Պերլինը, Ամսթրտամը եւ Յանձնաժողովը ոգեւորուած չեն այս գաղափարով։

Եթէ դուք կազի գինի վերին շեմ սահմանէք, «ուրեմն աւելի մեծ հաւանականութիւն ունիք, որ կազի պակաս ըլլայ։ Եթէ դուք նուազեցնէք գիները, այդ սովորաբար կը յանգեցնէ անոր, որ մատակարարներն այլ տեղ երթան: Իսկ մենք կ'ուզենք հարուածել Փութինը»,- ըսած է Նիդեռլանդների արդյունահանող արդյունաբերության պետքարտուղար Հանս Վիյլբրիֆը։

Այս մտահոգութիւնն արձագանգ գտած  է Գերմանիոյ մէջ: Մասնաւորապէս, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցն ըսած է. «Որոշումներն ու առաջարկներն այնքան ալ ակնյայտ չեն, որքան ոմանք կը կարծեն»։

Ոմանց համար նոյնիսկ Ռուսիան որպէս առանձին խումբ առանձնացնելը չափազանց հեռու քայլ է։

«Մենք ատոր չենք համաձայնիր»,- ըսած է Պելճիքայի ուժանիւթի նախարար Թիէն վան տէր Սթրեթընը՝ նշելով, որ միայն Ռուսիոյ համար սահմանափակումը չունի «աւելացուած արժէք»։

Հունկարիոյ արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Փեթեր Սիյարթոն իր հերթին անհեթեթ անուանած է ռուսական կազի գինի սահմանափակումը։

Քատրի Սիմսընի խօսքով՝ Յանձնաժողովը կ'աշխատի այն երկիրներու հետ, որոնք «անհանգստացած են, որ վրիժառու Մոսկուան կը փակէ իրենց կազը՝ այլընտրանքային մատակարարումներ գտնելու համար»։

Հակառակ այս տարաձայնութիւններուն, Ֆրանսայի ուժանիւթի նախարար Անյէս Պանյէ-Ռիւնախըր լաւատեսութիւն յայտնած է «առաջ շարժելու ընդհանուր ցանկութեան վերաբերեալ»։

«Սա շուկաներուն ուղղուած շատ զօրաւոր ազդանշան է՝ կազի շուկային մէջ ելեւմտական գործարքներէն խուսափելու համար, որոնք կարծես թէ աւելի շատ խաղային են, քան ուժանիւթի հոսքերու ֆիզիքական իրականութեան համապատասխանող»,- ըսած է ան:

Նպատակը յստակ օրէնսդրական առաջարկներ պատրաստելն է մինչեւ յաջորդ չորեքշաբթի, երբ ֆոն տէր Լայէնը հանդէս պիտի գայ ԵՄ-ի մէջ գործերու վիճակի մասին իր տարեկան ելոյթով: