Մայիս 30-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է ԱՄՆ ծերակուտական Սթիւ Տեյնզի գլխաւորած պատուիրակութիւնը․ այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ կառավարութեան մամուլի հաղորդագրութենէն։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ հանդիպման ընթացքին Փաշինեան ներկայացուցած է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ Հայաստանի խաղաղութեան օրակարգի կարեւորութիւնը տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման գործին։
«Սենատոր Տեյնզը վերահաստատել է ԱՄՆ-ի պատրաստակամութիւնը՝ ուղղուած Հայաստանի ժողովրդավարութեան ամրապնդմանը եւ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովմանը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ժողովրդավարական հիմնարկներու շարունակական ամրապնդման, տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերելի հարցեր։