image

Զահլէ. Քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածու` Սալիմ Ղազալէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը առաջին անգամ ըլլաով այցելած է հայկական համայնքի կեդրոններ (Լուսանկարներ)

Զահլէ. Քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածու` Սալիմ Ղազալէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը առաջին անգամ ըլլաով այցելած է հայկական համայնքի կեդրոններ (Լուսանկարներ)

Զահլէ,- («Արեւելք») Օրերս Զահլէի քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածու ճարտարագէտ Սալիմ Ղազալէն՝ «Զահլէի Սիրտը» ընտրական ցանկի անդամներու ընկերակցութեամբ, մասնակցած է Զահլէի հայ կաթողիկէ համայնքի տօնական արարողութեան՝ նուիրուած Ֆաթիմայի Սուրբ Կուսին, որ միեւնոյն ժամանակ հայկական եկեղեցւոյ հովանաւոր սորբուհի է։ Միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ «Լիբանանեան ուժեր»ու պլոքի անդամ երեսփոխաններ՝ Ժորժ Աքիսն ու Էլիաս Ըսթֆէնը։

Հիւրերը ջերմօրէն ողջունած են Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Տիգրան արք. Փիլիպոսեանն ու ծխական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հայր Ալիշան վրդ. Աբարթեանը, որոնք գնահատած են այցելութիւնը եւ մաղթած են յաջողութիւն եւ ամուր համագործակցութիւն։

Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելած է Զահլէի Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցած է հանդիպում համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ վրդ. Սալումեանի, ծխական խորհուրդի անդամներու, եղբայրութեան կանանց, ինչպէս նաեւ Զահլէի հայկական միութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հայր Սուրբը ջերմ ողջունած է հիւրերը՝ ընդգծելով, որ սոյն հանդիպումը առաջինն է, իր տեսակին մէջ, որ տեղի կ՚ունենայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ։

 Իր կարգին ընտրական ցուցակի առաջնորդ՝ Սալիմ Ղազալէն շեշտած է, թէ հայկական եկեղեցին եւ համայնքը անբաժանելի մասն են Զահլէի հասարակութեան եւ դատապարտած է վերջին տարիներուն համայնքին նկատմամբ եղած անտեսումը եւ անտարբերութիւնը։

Ան ներկայացուցած է «Զահլէի Սիրտը» ցանկի ընտրական ծրագիրի նախագիծերը՝ ուղղուած Զահլէի համաչափ զարգացման եւ համայնքային համերաշխութեան։

Այնուհետեւ կայացած է ծանօթացում ցանկի բոլոր թեկնածուներուն հետ, որուն յաջորդած է անկեղծ եւ կառուցողական երկխօսութիւն ներկաներուն միջեւ։

Նշենք, որ Զահլէի հայկական կեդրոններ այցելած «Զահլէի սիրտը» ցանկին մաս կը կազմէ նաեւ Քարոլին Զիատէ- Փամպուքեան։

Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» նախապէս անդրադառնալով յառաջիկայ կիրակի՝ 18 Մայիսին, Պեքաայի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, հաղորդած էր, որ շրջանի հայութիւնը մեծ առիթ մը ունի Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ունենալու իր ներկայացուցիչը, նկատի ունենալով, որ հայ ընտանիքի հարս՝ Քարոլին Փամպուքեան (Զահլէի յայտնի Զիատէ ընտանիքէն եւ Զահլէի նուիրեալ հայորդիներէն՝ Նոէլ Փամպուքեանի կինը) մաս կը կազմէ շրջանին մէջ մեծ վարկ ունեցող «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան կազմած եւ «Զահլէի սիրտ» անունը կրող ընտրական ցուցակին։