Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը խօսին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի միջեւ թշնամական յարաբերութիւններու առկայութեան մասին, ուր Պայտըն Նաթանիահուն բնութագրած է որպէս «bad boy» («չարամիտ տղայ»)։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած են ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Իսրայէլեան կառավարութեան վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի միջեւ «թշնամանք»ի մը առկայութեան մասին՝ ուր Պայտըն Նաթանիահուն բնութագրած է որպէս «չարամիտ տղայ»։
Իսրայէլեան «13-րդ ալիք»ի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով մեկնաբան Կիլ Թամարին ըսած է. «Պայտընի եւ Նաթանիահուի միջեւ վատ արիւն (թշնամութիւն) կայ, եւ այսօր այդ յայտնուեցաւ «Politico» թերթի հրապարակման մէջ», ուր Պայտընը նկարագրեց Նաթանիահուն որպէ՝ «bad boy»։
Թամարին աւելցուցած է, որ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանին երէկ հարցուցած են Նաթանիահուի հետ յարաբերութիւններու եւ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Կավիրի յայտարարութիւններուն մասին, ուր վերջինս ըսած էր, որ Պայտըն կը խոչընդոտէ Կազայի մէջ Իսրայէլի պատերազմական ջանքերուն, եւ վերահաստատած, որ պիտի ընդդիմանայ «Համասի հետ որեւէ գործարքի», որ կրնայ պաղեստինցի հազարաւոր գերիներու ազատ արձակման կամ «շարժումը ոչնչացնելէ առաջ պատերազմի աւարտին» յանգեցնել:
Սալիւան պատասխանած է. «Թող Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ իսրայէլցի քաղաքական գործիչները իրենց անունով խօսին: Պարզ է, որ անոնք այդ առումով խնդիր չունին: Մենք կը խօսինք մեր անունով եւ մեր տեսանկիւնէն»:
Սալիւան նաեւ մատնանշած է. «Խօսքը գերներու, այդ շարքին՝ ամերիկացի գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ գործարքի մասին է, եւ այդ գործարքը մեզի համար մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է», աւելցնելով, որ «Իսրայէլի կառավարութիւնը կրնայ արձագանգել, եթէ սա իր համար եւս առաջնահերթութիւն է. եւ պատասխանին հիման վրայ ան պէտք է հաշիւ ներկայացնէ Իսրայէլի ժողովուրդին»:
Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան այն ժամանակ, երբ ամերիկեան եւ իսրայէլեան վարչակազմերու միջեւ տարաձայնութիւններնը կ՚ընդլայնին՝ Կազայի հատուածի վրայ եղած յարձակման հետեւանքով, որ կը շարունակուի արդէն 122 օրէ ի վեր։
Անցեալ շաբաթներուն ջուրի երերս ելան Պայտընի եւ Նաթանիահուի միջեւ տարաձայնութիւնները, յատկապէս Կազայի մէջ պատերազմի կառավարման ձեւին վերաբերեալ, սակայն այդ տարաձայնութիւնները չազդեցին Իսրայէլին ամերիկեան աջակցութեան բնոյթին վրայ։
Անցեալ ամիս իսրայէլեան լրատուամիջոցները նոյնիսկ գրած էին, որ Պայտըն հեռախօսը անջատած է Նաթանիահուի դէմքին, դեկտեմբեր 23-ին անոնց վերջին հեռախօսազանգի ժամանակ։
Այդ նոյն աղբիւրները նշած էին, որ Պայտընի մերձ աղբիւրները հաղորդած էին, որ «կը մեծնայ այն զգացողութիւնը, որ Նաթանիահուն պատերազմը կը ձգձգէ անձնական նկատառումներէ ելլելով, եւ որ գերիներու ազատ արձակումը անոր համար առաջնահերթութիւն չէ»: