Ռուս-ուքրանական պատերազմը դադրեցնելու ամերիկեան ծրագիրը սահմանուած է 28 կէտերու մէջ, որոնցմէ հիմնականը՝ Ուքրանիոյ տարածքին վերաբերող հարցը 21-րդ յօդուածին մէջ ներառուած է։ Ատոր փոխարէն Ռուսիա համաշխարհային տնտեսութեան վերահամարկելու հարցը առաւել կարեւորուած է՝ ներառուելով 13-րդ յօդուածին մէջ։
Ըստ ամերիկեան ծրագրի՝ Խրիմը, Լուկանսքը եւ Տոնեցքը «պիտի ճանչցուին փաստացի ռուսական տարածք»: Խերսոնի եւ Զափորոժիէի պարագային ռազմական գործողութիւնները պիտի դադրեցուին շփման գիծի երկայնքով:
Ուքրանիան դուրս պիտի բերէ զօրքերը Տոնեցքի մարզի այն մասէն, որ ներկայիս կը վերահսկէ: Այդ տարածքը պիտի համարուի չէզոք, ապառազմականացուած բախարգելային գօտի, որ միջազգայնօրէն պիտի ճանչցուի ռուսական տարածք, գրած է BBC-ին։
Ուքրանիոյ տրուած են անվտանգութեան երաշխիքներ։ Ըստ ատոնց, եթէ Մոսկուան կրկին ներխուժէ Ուքրանիա, ապա բացի «վճռական, համակարգուած ռազմական պատասխանէն», անոր դէմ սահմանուած բոլոր պատժամիջոցները պիտի վերականգնուին:
Ուքրանիան ստիպուած պիտի ըլլայ իր Սահմանադրութեան մէջ ամրագրել ՆԱԹՕ-ին անդամակցելէ հրաժարելու մասին դրոյթը, դաշինքը ստիպուած պիտի ըլլայ նմանատիպ քայլ կատարել՝ սա ներառելով իր կանոնադրութեան մէջ։
ՆԱԹՕ-ի երկրները զօրքեր պիտի չտեղակայեն Ուքրանիոյ մէջ։
Ուքրանական բանակը չի կրնար 600 հազարէն աւելի ըլլալ։ Axios-ի տուեալներով՝ այն ներկայիս կը կազմէ 800,000-850,000, մինչդեռ պատերազմէն առաջ, ըստ ուքրանացի պաշտօնեաներու, մօտ 250 հազար էր։
Ծրագիրը կը նախատեսէ Ռուսիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներն աստիճանաբար վերացնել, երկարաժամկէտ տնտեսական համագործակցութեան համաձայնագրեր կնքել Միացեալ Նահանգներու հետ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ ուժանիւթի եւ Արքթիքայի մէջ հազուագիւտ մետաղներու արդիւնահանման ոլորտին մէջ:
Մոսկուան նաեւ պիտի հրաւիրեն G8։
Ծրագիրը նաեւ կը ներառէ Ուքրանիոյ վերականգնման միջոցառումներ: Այդ նպատակով պիտի ստեղծուի Ուքրանիոյ զարգացման հիմնադրամ, պիտի վերականգնուին պատերազմէն աւերուած տարածքները, պիտի արդիականացուի եւ պիտի զարգացուի կազային ենթակառուցուածքը։