image

Նիւ Ճըրզիի մէջ. Հոգեւորական դասու համագումար՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Նիւ Ճըրզիի մէջ. Հոգեւորական դասու համագումար՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

 

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի հոգեւորականները համագումար մը գումարեցին՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմի հոգեւորականներուն հետ առանձին հանդիպման եւ ունեցած զրոյցին համար։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.

Ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներու, միաբան թէ քահանայ, համագումար մը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Համագումարին առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, յանուն թեմի հոգեւոր դասուն, բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ 30-ամեայ գահակալութեան տօնախմբութեան առթիւ սիրով ընդառաջեց առանձին զրոյց ունենալ թեմիս հոգեւոր հայրերուն հետ։ Սրբազան հայրը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց, որ Նորին Սրբութիւնը ընդառաջելով թեմի կարիքներուն` միշտ երիտասարդ միաբաններով կ՚օժտէ թեմը։

Համագումարին բացման խօսքը կատարեց եւ օրուան դասախօսը ներկայացուց Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, իսկ համագումարը վարեց Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ թեմի ազգային վարչութեան կրօնական ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ. Պօղոս Ծայրագոյն Վարդապետ Թինքճեան։ Որպէս դասախօս հրաւիրուած էր Fordham համալսարանէն դոկտ. Ֆրանսիս ՄըքԱլուն: Դասախօսը ներկայացուց հոգեւորականի կոչումին ու հովուական ծառայութեան յատկանշական երեսները, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն ամերիկեան ընկերութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Դասախօսութենէն ետք, հոգեւոր հայրեր հարցումներ ուղղեցին, միաժամանակ իրենց տեսակէտները պարզեցին դասախօսին՝ անոր կատարած վերլուծումներուն առնչուած:

Համագումարին իր խօսքը ուղղելով Վեհափառ Հայրապետը՝ յիշեցուց, թէ «հոգեւորականի կեանքը իր էութեամբ ծառայութիւն է. անոր գործը ծառայութիւն է, ճամբան ծառայութիւն է, մտածումներն ու ծրագրումները ուղղուած են միայն ծառայութեան: Հոգեւորականը իրաւունք չունի իր անձին նեղ պարունակին մէջ մնալու ու ապրելու միայն իր անձին համար, այլապէս հոգեւորականին կոչումը կը դադրի իսկական կոչում ըլլալէ ու կը վերածուի պարզապէս արհեստի՝ դառնալով արհեստաւոր կամ պաշտօնեայ: Հոգեւորականը «պիզնէս»ի հասկացողութեամբ պէտք չէ մօտենայ իր ծառայութեան, ո՛չ ալ ուրիշներ՝ ըլլան անոնք վարչութիւն, հոգաբարձութիւն կամ ժողովուրդ։ Հոգեւորականը սոսկ գրասենեակի պաշտօնեայ չէ: Անոր աշխատանքը որոշ ժամու սկսող ու աւարտող պէտք չէ ըլլայ: Ան 24 ժամ պատրաստ պէտք է ըլլայ իր ժողովուրդին, ինչպէս՝ բժիշկը: Չմոռնանք, որ հոգեւորականը հոգեւոր բժիշկ է՝ հոգիներու առողջութեան ու փրկութեան նուիրուած: Դժբախտաբար, ներկայ ժամանակներուն, հոգեւորականի այս հասկացողութիւնը սկսած է նահանջ արձանագրել քիչ մի ամէն տեղ: Նման դասախօսութիւններ կամ յօդուածներ կը դառնան ձեւական, երբ անոնք յիշեցում ու մարտահրաւէր չեն դառնար հոգեւորականներուն համար»:

Իր խօսքին մէջ անդրադառնալով ուսման՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «բնականաբար, ուսումը կարեւոր է: Միաբան հայրերը շատ լաւ գիտեն, որ ես ուսումը քաջալերած եմ: Սակայն զգո՜յշ, ուսումը գերիվեր պէտք չէ դառնայ յարաբերաբար մեր ծառայութեան. ուսումը պէտք չէ ի հեճուկս մեր հոգեւոր ծառայութեան դառնայ առաջնահերթ: Մեր ժողովուրդը մեր հոգեւորականներէն կը սպասէ, որ անոնք ծանօթ ըլլան ներկայ աշխարհի խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն ու զարգացումներուն: Վերջին հաշուով ո՛չ եկեղեցին եւ ո՛չ ալ հոգեւորականը ինքնակղզիացած կերպով կ՚ապրին. անոնք ընկերութեան մաս կը կազմեն: Հոգեւորականը կոչուած է ինքզինք մնայուն ուսման ընթացքին մէջ տեսնելու, այլ խօսքով, հարկ է որ ինքզինք միշտ ուսանող նկատէ: Միայն համալսարան երթալով կամ վկայականներ առնելով ուսանող կամ մտաւորական չենք դառնան: Ինծի համար վկայականները ո՛չ մէկ արժէք ունին, երբ անոնք ծառայութեամբ չեն թարգմանուիր: Վկայականները պատէն կախելու եւ մեր կենսագրութիւնները զարդարելու համար չեն, այլ անոնք յիշեցումներ են՝ թէ՛ մեր կատարած աշխատանքին եւ թէ՛ մանաւանդ կատարելիք ուսումնական աշխատանքներու գծով: Իմ սպասումս է, որ մեր հոգեւորականները, ներկայ թէ բացակայ, այս գիտակցութեամբ կարեւորութիւն տան ուսման»: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց կարք մը գործնական քայլեր, որոնք անհրաժեշտ են նոր քահանաներ պատրաստելու աշխատանքներուն:

Համագումարէն ետք, Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ, հոգեւորականները միասնաբար սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուեցան։