Օրերս Զանգեզուրի Պղնձամոլիբդենային Կոմբինատը (ԶՊՄԿ) մասնակցեցաւ «Գիտութեան Շաբաթ» միջոցառումին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի պատրաստած հրապարակումը այդ մասին։
Իւրաքանչիր տարուան աշնան կայացող «Գիտութեան Շաբաթ» նախաձեռնութիւնը այս անգամ եւս համախմբած էր պատանիներ, երիտասարդներ, գիտութեան, կրթութեան եւ հարակից ոլորտներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր ընկերութիւններու աշխատակիցներ։ Մասնակիցները յ ատկապէս հետաքրքրուած էին այն ընկերութիւնները, որոնց աշխատանքը ուղղակիօրէն առընչուած է գիտութեան հետ։ Այդ ընկերութիւններու մէկն է «Զանգեզուրի Պղնձամոլիբդենային Կոմբինատ»ը, (ԶՊՄԿ) որուն դերը առաջին հայացքէն կրնայ հեռու թուիլ գիտական ոլորտներէն, քանի որ աւանդաբար կը կապուի հանքարդիւնաբերութեան ու արդիւնաբերական գործընթացներու հետ։ Սակայն այս մտածումը սխալ է․ ընկերութիւնը վերջին տարիներուն արագ եւ կարեւոր քայլերով կը ներդնէ նորարարական, գիտական ու գիտատար լուծումներ։
Աւելին՝ ԶՊՄԿ-ին մէջ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 400 մասնագիտութիւններ, որոնցմէ 50-ը անմիջական կերպով առընչուած են գիտութեան տարբեր ճիւղերուն՝ սկսած թուային արհեստագիտութիւնէն մինչեւ երկրաբանութիւն, տարրաբանութիւն , բնական գիտութիւններ եւ մտային ննոր ուղղութիւններ։
Այս տարի ընկերութիւնը մասնակցեցեւ «Գիտութեան Շաբաթ»ին՝ շեշտելու համար, որ հանքարդիւնաբերութիւնը ոչ միայն արտադրական ոլորտ է, այլեւ բարձր գիտա-արհետստագիտական բնոյթ ունեցող համակարգ, ուր գիտութիւնը հիմնական շարժիչ ուժերէն մին է։
Այս առումով ալ ԶՊՄԿ-ի Լրատուութեան եւ Հանրութեան հետ կապերու բաժնի պետ Արայիկ Մարգարեան կը շեշտէ, որ հանքարդիւնաբերութիւնը, ռազմական եւ բժշկական ճիւղերէն ետք, աշխարհի մէջ ամենամեծ գիտատար ոլորտներէն մէկն է, որ գիտութեան կը յանձնէ լուրջ խնդիրներ եւ կը խթանէ նորարարական մտքերու զարգացումը։
«Գիտութեան Շաբաթ»ի ծիրին մէջ ԶՊՄԿ-ն իր տաղավարին մէջ ներկայացուց նշանաւոր ցուցանմուշներ՝ միացնելով հինը եւ նորը, աւանդականը եւ նորարարականը։ Այցելուները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու ժամանակակից հանքային սարքերու նմուշներու, ինչպէս նաեւ մօտէն տեսնելու պղինձի եւ մոլիբդենի ապարներ, ինչ որ անոնց տուաւ նոր փորձառութիւն եւ աւելի խոր պատկերացում այս ոլորտին մասին։
ԵՊՀ Երկրիագիտութեան եւ Երկրաբանութեան ֆակուլտետի ուսանողները իրենց ուսանողական փորձառութիւնը կը կատարեն ԶՊՄԿ-ին մէջ։ Ընկերութիւնը նաեւ կ՛աջակցի Պատանի Երկրաբաններու ամառային ճամբարին, որ երիտասարդներուն լայն հնարաւորութիւն կը տայ շօշափելու իրական գիտական եւ արտադրական գործընթացներ։
Ահա այսպէս, իր ներկայութեամբ, Զանգեզուրի Պղնձամոլիբդենային Կոմբինատը մէկ անգամ եւս հաստատեց, որ գիտութիւնը հիմնասիւններէն մէկն է ոչ միայն արտադրութեան, այլեւ նորարարութեան եւ կայուն զարգացման։
Նիւթը հրատարակութեան պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը (www.arevelk.am)