image

Սուրիոյ ԱԳ նախարարն անդրադարձած է Ռուսիոյ, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն եւ Լոնտոնի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան վերաբացման

Սուրիոյ ԱԳ նախարարն անդրադարձած է Ռուսիոյ, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն եւ Լոնտոնի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան վերաբացման

 

Լոնտոնի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան վերաբացումը կենսական նշանակութիւն ունի Մեծ Բրիտանիոյ հետ կապերը ամրապնդելու համար, յայտարարած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շայպանին՝ խօսելով Չաթեմ Հաուսի մէջ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, լուրը հաղորդած է Syria TV-ն։

«Մեր դեսպանատունը, որ Լոնտոնի մէջ վերաբացուած է, պիտի ծառայէ սուրիացի ժողովուրդին շահերուն եւ այլեւս պիտի չվերածուի հետախուզական կեդրոնի»,– նշած է նախարարը։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Սուրիան այսօր կը կառուցէ իրատեսական յարաբերություններ Ռուսիոյ հետ․

«Մենք չենք փափաքիր դառնալ որեւէ դաշինքի մաս։ Մեր մօտեցումը թելադրուած է բոլորի հետ առողջ յարաբերութիւններ եւ գործընկերութիւն ստեղծելու ձգտումով։ Մենք կը զարգացնենք իրատեսական յարաբերութիւններ Ռուսիոյ հետ․ չենք ուզեր, որ ան վերահսկէ Սուրիան, ինչպէս անցեալին, բայց նաեւ չենք փափաքիր թշնամանալ անոր հետ»։

Շայպանին անդրադարձած է նաեւ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ տարածքներուն վրայ շարունակուող յարձակումներուն․

«Իսրայէլը ներկայիս բացասական դեր կը խաղայ Սուրիոյ մէջ եւ դժգոհ է տեղի ունեցած փոփոխութիւննէրն։ Ան կը շարունակէ իր խախտումները, բայց մենք չենք ներքաշուած սադրանքներու մէջ եւ նախընտրած ենք դիւանագիտական արձագանգ»,– ըսած է նախարարը։

Ան համաձայնած է, որ Սուրիան կը ձգտի հանդարտութիւն ապահովել եւ կանխել լարուածութեան սրումը Իսրայէլի հետ․

«Մեր առաջնահերթութիւնը Սուրիոյ վերականգնումն է, եւ Իսրայէլի հետ որեւէ հնարաւոր համաձայնութիւն պիտի դիտարկուի այս շրջածիրէն ներս»,– աւելցուցած է ան։

Իբր եզրափակում, նախարարն ընդգծած է, որ միջազգային հանրութեան մեծ մասը կ՚աջակցի Սուրիոյ կառավարութեան դիւանագիտական դիրքորոշման՝ Իսրայէլի խախտումներու առնչութեամբ։