Ընթերցումներս (55)...
Սաստկաբանութիւն (դ)
Շարահիւսական սաստկացուցիչներ
ը) է...որ...
Այս շաղկապական թարմատարը, աւելնալով պարզ նախադասութեան որեւէ անդամի վրայ, զգալիօրէն կը սաստկացնէ, կը շեշտէ անոր իմաստը. բաղդատել՝
-Եղբա՛յրդ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
-Եղբա՛յրդ է որ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
Յառաջացած կառոյցը կը ձեւացնէ ստորադասական բարդ նախադասու-թիւն մը, մինչդեռ տեղի ունեցածը շեշտողական հնարք մըն է միայն:
Այս ոճը գրեթէ համազօր է ինք դերանունի ունեցած ուժգնութեան, որուն ակնարկեցինք մեր նախորդ՝ 54-րդ յօդուածով, սակայն ունի այն առաւելութիւնը, որ կարելի է ասով շեշտել զանազան անդամներ:
Օրինակ՝
-Այս ձեռքը քեզ պաշտպանեց կործանումէ:
-Այս ձե՛ռքն է որ քեզ պաշտպանեց կործանումէ:
-Այս ձեռքը քե՛զ է որ պաշտպանեց կործանումէ:
-Այս ձեռքը կործանումէ՛ է որ պաշտպանեց քեզ:
Այս պարագային որ-էն առաջ ստորակէտը աւելորդ ու սխալ է, այլ հարց թէ սովորամոլութեամբ քիչ մը բոլորս ալ կը տարուինք դնելու այդ ստորակէտը:
Աւելցնենք, որ ոչ մէկ պարագայի որ-ը պէտք է յոգնակի կիրարկել:
-Այս ձեռքե՛րն են որ քեզ պաշտպանեցին կործանումէ:
Սխալ է ու մերժելի այս պարագային ըսել՝
-Այս ձեռքե՛րն են, «որոնք քեզ պաշտպանեցին կործանումէ:
Այսպէս է, անի որ «որ» բառը յարաբերական դերանուն չէ, որպէսզի համաձայնի զինք կանխող յարաբերեալի մը հետ, այլ շաղկապ է, եւ ոչ մէկ համաձայնութիւն կրնայ ունենալ զինք կանխող յոգնակի գոյականին կամ դերանունին հետ:
Կայ ուրիշ նրբութիւն մըն ալ. առաջին բաժինին մէջ պայման չէ յոգնակի կիրարկել էական բայը, թոյլատրելի է զայն եզակի պահել:
Օրինակ՝
-Այս ձեռքե՛րն է որ քեզ պաշտպանեցին կործանումէ:
Քանի «է որ» թարմատարը քերականօրէն չի կապուիր ձեռքեր-ուն հետ: Բայց ահա անոր կրած զօրաւոր շեշտը կը յաջողի իր թիւը պարտադրել «է» էական բային ու զայն յոգնականացնել:
Նկատել նաեւ, որ է բայը ժամանակային կախեալութիւն եւս չունի նախադասութեան ստորոգիչէն, այսինքն՝ պարտաւոր չէ կրելու անոր ժամանակը. այս մէկը կրնայ անցեալ կիրարկուիլ, իսկ էական բայը կրնայ մնալ անփոփոխ:
Օրինակ՝
-Դո՛ւն ես որ կ’ըսես: -Դո՛ւք էք որ կ’ըսէք:
-Դո՛ւն ես որ կ’ըսէիր: -Դո՛ւք էք որ կ’ըսէիք:
-Դո՛ւն ես որ ըսիր: -Դո՛ւք էք որ ըսիք:
-Դո՛ւն ես որ պիտի ըսես: -Դո՛ւք էք որ պիտի ըսէք:
Սակայն այս պարագային եւս խօսողը հակամէտ է ժամանակային եւ թուային համաձայնութիւն գոյացնելու՝ ըսելով.
-Դո՛ւն էիր որ կ’ըսէիր:
-Դո՛ւք էիք որ կ’ըսէիք:
Ինչ որ հանդուրժելի է, սակայն պայման չէ:
* * *
Մեր խօսքը առաւելագոյնս սաստկացնելու դերդումով՝ չենք վարանիր զուգադրելու երկու սաստկականներ՝ ստանալու համար ոճական աւելի ուժգին կառոյց մը:
Բաղդատել հետեւեալները.
-Եղբա՛յրդ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
-Եղբա՛յրդ էր որ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
-Եղբայրդ ի՛նքն էր որ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
-Եղբայրներդ իրե՛նք էին որ ցոյց տուին ձեր թաքստոցը:
--«Շատ անգամ պահապանները իրե՛նք էին որ կողոպուտը կը կազմակերպէին» (Պերճուհի Բարսեղեան, «Խանձուած օրեր», էջ 61):
3. Է որ ասոյթը կարելի է մուծել վերոնշեալ միւս սաստկական կառոյց-ներուն մէջ եւս, որով կը ստացուի շատ աւելի հռետորական ու ճոռոմ ոճ մը:
Այսպէս՝
-Ես ի՛նքս եմ որ....,
-Դուն ի՛նքդ ես որ...,
-Մենք ինքնե՛րս ենք որ..., դուք ինքներդ էք որ... եւ այլն:
-Մենք բոլո՛րս ենք որ պիտի յաջողինք:
-Դուք բոլո՛րդ էք որ պիտի մասնակցիք
-Իրենք բոլո՛րն են որ պիտի հրաւիրուին:
* * *
Է որ-ը ունի ոճաբանական-սաստկական այլ կիրարկութիւն մըն ալ:
Դրուելով գոյականներու եւ բայերու վրայ՝ ան կը համատեղէ շատ բառին թէ՛ որոշչային, թէ՛ պարագայական իմաստները:
Օրինակ՝
-Անձրեւ է որ տեղաց
Այսինքն՝ շատ անձրեւ տեղաց:
Այնպէս ալ՝ պտուղ է որ տուաւ, գինի է որ խմեց, քուն է որ քնացաւ, փախչիլ է որ փախաւ:
Իբրեւ բայական սաստկական՝ ան ոչ մէկ պարագայի թիւ կամ դէմք կը փոխէ.
-Փախչիլ է որ կը փախչիմ...
-Փախչիլ է որ փախար...
-Փախչիլ է որ փախաւ...
-Փախչիլ է որ փախանք...
-Փախչիլ է որ փախաք... եւ այլն:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com