Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ տեղի ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան փողոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Միջոցառման մասնակցած են ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՍ) նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Ղազախստանի փոխվարչապետ Սերիք Ժումանկարինը, Ղազախստանի մշակոյթի եւ տեղեկատւութեան նախարար Աիտա Պալաեւան եւ այլ պաշտօնատար անձինք։ Այս մասին յայտնած են կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՍ) նախարարութենէն:
Ողջունելով ներկաները՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՍ) նախարար Ժաննա Անդրէասեանը նշած է՝ երկու ժողովուրդներու փոխադարձ յարգանքի, բարեկամութեան եւ մշակութային համագործակցութեան պատմութեան մէջ կարեւոր էջ կը բացուի. «Մեսրոպ Մաշտոցը ոչ միայն հայ ժողովրդի հոգեւոր մշակութային ինքնութեան հիմնասիւներից է, այլեւ մարդկային քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն նուիրեալներից։ Նրա թողած ժառանգութիւնը դարերի խորքից մեզ է փոխանցել կրթութեան, մշակոյթի, պատմական յիշողութեան կամուրջը»։
Անոր խօսքով՝ բոլորովին պատահական չէ Աստուածաշունչի Առակներու գիրքէն հայերէն թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», որ դարձած է հայ ժողովուրդին ուղղուած իւրօրինակ մեծ պատգամ, միտքն ու հոգին կերտող ուղերձ՝ արդիական բոլոր ժամանակներուն մէջ։
«Ճանաչելով իմաստութիւնն ու խրատը, իմանալով հանճարի խօսքերը՝ մենք կառուցում ենք մեր ներկան ու ապագան՝ հիմքում արժեւորելով մշակոյթը: Սա, կարծում եմ, ամբողջապէս տեսանելի է դարձնում Մեսրոպ Մաշտոց գործչի տիեզերական միտքն ու համընդհանուր արժէքը: Եւ այսօր նրա անունը կը հնչի նաեւ այստեղ՝ Ղազախստանի սրտում՝ որպէս մտաւոր լուսաւորութեան եւ ժողովուրդների բարեկամութեան խորհրդանիշ»,- իր ելոյթին մէջ ըսած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՍ) նախարարը եւ աւելցուցած՝ այս տարուան ապրիլին Երեւանի Աուան վարչական շրջանի Ալմա-Աթայի փողոցի յարակից տարածքին մէջ գտնուող զբօսայգին անուանակոչուած է ղազախական գրականութեան հիմնադիր Ապայ Քունանպաեւի անունով:
Նախարարի դիտարկմամբ՝ Երեւանի մէջ Ապայ Քունանպաեւի անունը կրող խորհրդանշական անկիւնը ոչ միայն հանդուրժողականութեան եւ փոխադարձ յարգանքի օրինակ է, այլեւ մեր ժողովուրդներու հոգեւոր եւ մշակութային կապերու կենդանի վկայութիւնը. «Երեւանում՝ Աբայի պուրակում, եւ այժմ այստեղ՝ Մաշտոցի փողոցում, կարծես երկու մշակոյթների միջեւ ստեղծւում են կամուրջներ, որոնցով անցնում են ոչ միայն անուններ, այլեւ արժէքներ՝ խաղաղութիւն, կրթութիւն, ստեղծագործականութիւն եւ բարեկամութիւն։ Հայաստանն ու Ղազախստանը իրենց պատմութիւններով, իրենց մեծ մտածողների ժառանգութեամբ եւ ապագայի հանդէպ իրենց ձգտումներով մշտապէս ունեցել են փոխլրացնող համագործակցութիւն։ Վստահ եմ, որ Մաշտոցի փողոցի բացումը նոր սկիզբ է՝ մեր ժողովուրդների մշակութային եւ կրթական կապերի խորացման համար»։
Ղազախստանի մշակոյթի եւ տեղեկատւութեան նախարար Աիտա Պալաեւան եւս ընդգծած է, որ Աստանայի մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան փողոցի բացումը կարեւոր իրադարձութիւն է․ «Այսօր կարեւոր խորհրդանշական միջոցառում է՝ ի նշան երկու երկիրներու բարեկամութեան։ Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութիւնը կը վկայէ, որ մշակույթը սկսվում է լեզվից, իսկ հասարակության զարգացումը` կրթությունից։ Ղազախստանն ու Հայաստանն ամուր բարեկամական կապեր ունին։ Այս տարի մենք կը նշենք երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու 33-ամեակը. տարիներ, որոնց ընթացքին նշանակալի ձեռքբերումներ կան քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու այլ ոլորտներու մէջ։ Այսօր պիտի ստորագրուի յուշագիր՝ ուղղուած թանգարանային, գրադարանային, շարժանկարի ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման»։
Նշենք, որ նախարար Ժաննա Անդրէասեանը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ նոյեմբեր 20-21-ին պաշտօնական այցով կը գտնուի Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ: