image
Հրատապ լուրեր:

Իգտիրի կազանիւթը պիտի հասնի Նախիջեւան. Նոր համաձայնագիր

Իգտիրի կազանիւթը պիտի հասնի Նախիջեւան. Նոր համաձայնագիր

 

Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան  պիտի ստորագրեն փոխըմբռնման յուշագիր Ատրպէյճանի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն բնական կազի մատակարարման վերաբերեալ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
 Յուշագիրը պիտի ստորագրէ Թուրքիոյ Ջերմուժի եւ բնական պաշարներու նախարար Ֆաթիհ Տէնմեզին եւ Ատրպէյճանի Ջերմուժի նախարար Փեարվիզ Շահպազովը: Փաստաթուղթը կը նախատեսէ Թուրքիոյ Իգդիրի նահանգէն կազի մատակարարում Նախիջեւան։