image
Հրատապ լուրեր:

Զելենսքին եւ Մաքրոնը Ուքրանիոյ պաշտպանութիւնն ամրապնդելու վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրած են

Զելենսքին եւ Մաքրոնը Ուքրանիոյ պաշտպանութիւնն ամրապնդելու վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրած են

Զելենսքին պաշտօնական այցով ժամանած է Ֆրանսա: Օդակայանին մէջ անոր դիմաւորած է Ֆրասնայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, հաղորդած են ուքրանական լրատուամիջոցները:

Այցի ընթացքին Զելենսքին եւ Մաքրոնը Ֆրանսայի եւ Ուքրանիոյ միջեւ համաձայնագիր ստորագրած են՝ վերջինիս ինքնաթիռներու, հրթիռներու եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման վերաբերեալ:

Այս ուղեւորութիւնը Զելենսքիի շրջագայութեան մէկ մասն է՝ եւրոպական դաշնակիցներուն, քանի որ ան կը ձգտի ամրապնդել Քիեւի աջակցութիւնը՝ առաջիկայ ձմռան եւ Ուքրանիոյ ուժանիւթի ցանցի դէմ Ռուսիոյ կողմէ հարուածներու լոյսի ներքոյ։