image

Հրազդանի մէջ 51-ամեայ քաղաքացին 7 -րդ յարկէն վար նետուած է

Հրազդանի մէջ  51-ամեայ քաղաքացին 7 -րդ յարկէն վար նետուած է

10 օգոստոսին, ինքնասպանութիւն տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզին մէջ: Կը տեղեկացնէ Shamshyan.com-ը։

Ժամը 19:50-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Կոտայքի մարզային վարչութիւն ահազանգ ստացուած է, որ Հրազդան քաղաքի Կեդրոն թաղամասի շէնքերէն մէկու բակին մէջ տղամարդու դի կայ:

Ոստիկաններն ու քննիչները նշուած թաղամասի թիւ 76 շէնքի բակիմ մէջ յայտնաբերած են նոյն շէնքի բնակիչ 51-ամեայ Հ. Պ.-ի դին:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու վերջինս 7-րդ յարկէն իրեն վար նետած է:

Դէպքի փաստով Կոտայքի մարզային քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։