image

Թուրքիան եւ Ճափոնը իրենց քաղաքացիները խրատած են հեռանալ Լիբանանէն

Թուրքիան եւ Ճափոնը իրենց քաղաքացիները խրատած  են հեռանալ Լիբանանէն

Թուրքիան եւ Ճափոնը զգուշացուցած են իրենց քաղաքացիները Լիբանի մէջ մնալէ, յայտնած է timesofisrael.com-ը:

Ճափոնիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ճամբորդական ծանուցում տարածած է՝ կոչ ընելով Լիբանանի մէջ գտնուող Ճափոնի քաղաքացիներուն հեռանալու՝ լարուածութեան աճի լոյսի ներքոյ:

Թուրքիան եւս կոչ կ՚ընէ իր քաղաքացիներուն լքելու Լիբանանը, եթէ անոնք ծայրաստիճան կարիք չունին մնալու, քանի որ այնտեղ անվտանգութեան իրավիճակն արագօրէն կրնայ վատթարանալ, ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի վաղ Լիբանանը լքելու յորդորով իրենց քաղաքացիներուն դիմած են ՀՀ-ն, ԱՄՆ-ն, Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան, Յորդանանը եւ այլ երկրներ:

Իրավիճակը վերջին օրերուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խիստ լարուած է։ Իսրայէլը պարբերաբար հարուածներ կը հասցնէ Լիբանանի տարբեր բնակավայրերու՝ յայտարարելով, որ հարուածներու թիրախը «Հըզպալլա» շարժման ղեկավարութիւնն է։