Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանը Պաքուին ներկայացուցած է Ֆիզուլիի եւ Զանգելանի ականապատ դաշտերու քարտէզները:
«Սփութնիք»ի ատրպէյճանական ծառայութիւնը հաղորդած է, որ ի պատասխան՝ ատրպէյճանական կողմը արտայանձնած է ազատազրկման դատապարտուած 15 զինծառայող, որոնց պատիժի կրման ժամկէտը լրացած է:
Ինչպէս հաղորդած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, քարտէզներուն մէջ նշուած է 92 հազար ականներու գտնուելու վայրերը: