Ատրպէյճանի պետական պիւտճէէն 2025 թուականին յատուկ պաշտպանական նշանակութեան ծրագիրներու եւ միջոցառումներու ֆինանսաւորման համար յատկացուած է 4.866 միլիառ մանաթ (մօտ 2.86 միլիառ ամերիկեան տոլար)։
Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Ինչպէս նշուած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի կողմէ ընդունուած «Ատրպէյճանի 2025 թուականի պետական պիւտճէի կատարման մասին» օրէնքին մէջ, այդ նպատակով կատարուած ծախսերը 2024 թուականի համեմատ աճած են 1.373 միլիառ մանաթով կամ 39.3 տոկոսով։
Փաստաթուղթի համաձայն՝ 2025 թուականին պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ոլորտներու ընդհանուր պիւտճէական ծախսերը կազմած են 8.068 միլիառ մանաթ, որ 1.5 միլիառ մանաթով կամ 22.9 տոկոսով աւելի է 2024 թուականի ցուցանիշէն։
Կը նշուի, որ 2025 թուականին պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերը կազմած են պետական պիւտճէի ընդհանուր ծախսերուն 20.9 առ հարիւրը, մինչդեռ 2024 թուականին այդ ցուցանիշը եղած էր 17.4 առ հարիւր։