image

Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան. Հնչեակի մը հետքերով

Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան. Հնչեակի մը հետքերով

Frédéric Bérat՝    Ma Normandie

Պերաժամանակակիցէ (1801—1855) նախորդ երկուքին՝ Առվերին եւ Լամարթինինեւ իր կարգին անմահացած է իր մէ՛կ երգովը՝  Ma Normandie-ովոր Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի գրիչին տակ պիտի դառնար «Երգ հայրենի», իսկ Նահապետ Ռուսինեանի գրիչին տակ՝ «Կիլիկիա»: 

  Պերա եղած է իր ժամանակի  փնտռուած երգահաններէնմօտաւորապէս  մերօրեայ Ազնաւուրըան կը գրէր իր երգերըկը յօրինէր երաժշտութիւնն ու կերգէր զանոնքԱյս բոլորին հետ միաժամանակ եղած է շատ փնտռուած զուարթաբան մըոր զարդարած է Ֆրանսայի բեմերը եւ  ջերմութիւն բերած է անոր ընկերական հանդիպումներուն: 

Մեռածէողնածուծայինվարակէմը՝ճիշդԱռվերինպէսմօտաւորապէս անոր հետ ալ ծնած ու ապրած ըլլալով  նո՛յն տարիներուն:

Անորբազմաթիւարտադրութիւններէն  ապրեցաւ   Ma Normandie-նԱսով է որ կը յիշուի ան՝ ի մասնաւորի ծննդավայրին՝ Նորմանտիիբայց նաեւ ամբողջ Ֆրանսայի մէջԻնչու չէ նաեւ անկէ դուրս:

    *

Quand tout renaît à l'espérance, When everything  is reborn in hope,

Et que l'hiver fuit loin de nous, And winter flees far from us,

Sous le beau ciel de notre France, Under the beautiful sky of our France

Quand le soleil revient plus doux, When the sun returns gentler,

Quand la nature est reverdie, When nature has turned green again,

Quand l'hirondelle est de retour, When the swallow has returned,

J'aime à revoir ma Normandie, I like to see again my Normandy,

C'est le pays qui m'a donné le jour. It’s the country where I was born.

J'ai vu les lacs de l'Helvétie I have seen the fields of Helvetia, 

Et ses chalets et ses glaciers, And its chalets and its glaciers,

J'ai vu le ciel de l'Italie, I have seen the sky of Italy,

Et Venise et ses gondoliers. And Venice and its gondoliers.

En saluant chaque patrie, Greeting each homeland,

Je me disais : «Aucun séjour I told myself that no stand

N'est plus beau que ma Normandie, Is finer  than my Normandy,

C'est le pays qui m'a donné le jour».  It’s the country where I was born.

Il est un âge dans la vie, There comes a time of life,

Où chaque rêve doit finir, When every dream must end,

Un âge où l'âme recueillie A time when the restful soul

A besoin de se souvenir. Needs to remember,

Lorsque ma muse refroidie When my chilled muse

Aura fini  ses chants d'amour, Makes its way back to the past,

J'irai revoir ma Normandie, I’ll go see again  my Normandy,

C'est le pays qui m'a donné le jour. It’s the country where I was born.

 

Անգլերէն թարգմանութիւնը գրեթէ բառացի էոչ մէկ տեղ թարգմանիչը հեռացած է բնագիրէնՄինչ հայերէն զոյգ «թարգմանութիւնները» բաւական հեռու են բնագիրէնանոնք թարգմանութենէ անդին անցած՝ ազատ ստեղծագործութիւն ենայլ խօսքով՝ ընդհանուր գիծերու մէջ միայն հաւատարիմ են բնագիրին:

                                                      *    *    *

 Պեշիկթաշլեան (1828—1868)՝ Մխիթարեաննե-րուն սան եղած  միջոցին՝ 1839—1845, ճանչցած էր Ma Normandie-ն.  յօրինման  թուականը ծանօթ չէ:

Առաջին անգամ  լոյս տեսաւ «Բազմավէպ»-ի մէջ 1850-ին (թիւ 14)՝ «Երգ հայրենի» խորագրովխմբագրութիւնը իր կողմէ աւելցուցած էր  «հետեւողութեամբ “Quand tout renaît à l’espérance”-ի» մակագրութիւնը:

Հայքնարերգութեանլաւագոյննմուշներէնըլլա-լով հանդերձ՝ «Երգ հայրենի»-ն բաւականաչափ չէ ընթերցուած  լեզուական պատ-ճառովգրուած է պարզ ու վճիտ  գրաբարովկու տամ բառացի թարգմանութեամբ:

Ահաուրեմն,  առիթ մը՝ մեր յարգանքի մէկ համեստ տուրքը մատուցելու  այս շնորհալի  բանաստեղծին եւ բիւրեղատիպ  հայուն:

*    *    *

Մինչդեռ յուսով խայտայ բնութիւն Մինչ  յոյսով կը խայտայ բնութիւնը

Յետ դառնաշունչ ձմերայնւոյն Դառնաշունչ ձմեռէն ետք, 

Եւ ի գաւառն իմ հայրենի Եւ դէպի իմ հայրենի գաւառս

Գեղածիծաղ դառնայ գարունԿը դառնայ գեղածիծաղ գարունը,

Մինչ բոյր ի բոյր փթթին ծաղկունք Մինչ  բոյր ի բոյր կը փթթին ծաղիկները

Եւ ճռուողեն նորեկ ծիծռունք,− Եւ կը ճռուողեն նորեկ  ծիծեռնակները,−

Ի քեզ ես դարձ առնեմ յայնժամՔեզի կը դառնամ այն ատեն,

Ո՛վ ցանկալիդ իմ ՀայաստանՈ՛վ ցանկալիդ իմ Հայաստան:

Ո՛չ հելվետեան ինձ դաշտավայրք Ո՛չ զուիցերիական դաշտավայրերը

Կամ թէ զուարթ մարգագետինքԿամ թէ զուարթ մարգագետինները,

Ո՛չ քան զքեզ չքնաղագեղ Ո՛չ ալ քեզմէ աւելի չքնաղագեղ է

Իտալական պայծառ երկինքԻտալական պայծառ երկինքը. 

Հեռիքեզմէպանդուխտգոլով՝Քեզմէհեռուպանդուխտդարձած՝

Քոյովդ յար տապիմ անձկով,− Քու  կարօտովըդ կայրիմ յար,−

Ի խանձարուրդ իմոց կենացՔեզի՝  կեանքիս խանձարուրիդ, 

Ո՛վ Հայաստանառնեմ ես դարձՈ՛վ Հայաստանես կը  դառնամ:

Գայցեն աւուրքուր մանկութեան Պիտի գայ այն օրն,  ուր մատղաշ  

Անկցի տիոցս իմ գեղ դալարՀասակիս  դալար գեղը  խամրի,

Եւ յինէն խոյս տացեն վայելք Եւ ինձմէ խոյս պիտի տան կեանքի

Կենաց թեթեւ  ի գարշապարՎայելքները ՝ թեթեւ ոտքերով,

Ուր հէգ մուսայս մատն ի յերեր Երբ հէգ մուսաս,  երերուն  մատով,

Մոռանայցէ երգել զսէր,− Պիտի մոռնայ սէրը երգել,−

Զնինջ ի ծոցդ առնում յայնժամԱյն ատեն   ծոցիդ մէջ պիտի ննջեմ, 

Ո՛վ  ցանկալիդ իմ ՀայաստանՈ՜վ ցանկալիդ իմ Հայաստան:

 

Նահապետ Ռուսինեան (1819—1876) ինք  Ma Normandie-ն ճանչցած է 1850-ականներուներբ բժշկութեան ուսանող էր Փարիզ եւ մեծապէս խանդավառ 1848-ի 

 Ֆրանսական յեղափոխութեամբՍակայն անոր մշակումը՝ «Կիլիկիա» խորագիրովտեղի ունեցաւ ուրիշ հանգամանքներու բերումով:

1858—59 տարիներուն Լիբանանի մէջ աննախընթաց թափով մը  վերաբռնկեցան քրիստոնեայ-իսլամ արիւնալի հերթական  բախումներընախ՝ Լեռնալիբանանի մէջ՝ մարոնիներու եւ տիւրզիներու միջեւապա  Դամասկոսի մէջ՝ քրիստոնեաներու  եւ իսլամ-տիւրզի միացեալ ուժերու միջեւՔրիստոնեաներու ահագնացող կորուստներուն ի տես՝  Նափոլէոն Գ.  նաւատորմիղը խարսխեց Լիբանանի ափերուն եւ պահանջեց սուլթանի միջամտութիւնն ու Լեռնալիբանանի ինքնավարութիւնը՝ քրիստոնեայ կառավարիչով մը:

Սուլթանը  կայսեր բոլոր պահանջներուն ենթարկուեցաւ:

Նշանակեցհայկառավարիչմը՝Տաուտփաշան՝ 1861—68:

Ան  շրջան ղրկեց նաեւ  բժշկական սեղմ խմբակ մըոր իր օգնութիւնը պիտի  բերէր տուժածներունՌուսինեան մաս կը կազմէր այդ խմբակին:

ԱնոնքՊոլիսէնելլելով  եւ Հալէպի վրայով մտան Սուրիա՝ հասնելով մինչեւ Դամասկոսասկէ անցան Լիբանանուրկէ անդին Ռուսինեանհաւանաբար  խումբէն բաժնուելով,  հանգրուանեց  Կիպրոս եւ անկէ անցաւ  Կիլիկիա...

Անորերգինբտունը  հաւատարիմ արձանագրութիւնն է այս ուղեծիրին,  որուն վրայ աւելցած են եւրոպական  ծանօթութիւններըԱհա այս  առաքելութեան   խոր ու անմիջական  տպաւորութեան տակ ալ գրուած է «Կիլիկիա»-ն՝ 1860-ին 

Նոյնկամյաջորդտարինիսկպէտքէյօրինուածըլլայանորշատ  ծանօթ երաժշտութիւնը՝  վաղամեռիկ երգահան Գաբրիէլ Երանեանի կողմէ (1827—1862):

    *

 1. Երբոր բացուին դռներն յուսոյ 2. Տեսի դաշտերն Սուրիոյ,

Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռԼեառն Լիբանան եւ իւր մայրեր¹, 

Չքնաղ երկիրն մեր ԱրմէնիոյՏեսի զերկիրն Իտալիոյ,

Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օրերՎենետիկ եւ իւր կոնտոլներ.

Երբոր ծիծառն ի բոյն դառնայԿղզու նման չիք մեր Կիպրեայ, 

Երբոր ծառերն հագնին տերեւ,— Եւ ոչ մէկ վայր է արդարեւ 

Ցանկամ տեսնել զիմ ԿիլիկիաԳեղեցիկքան զիմ Կիլիկիա,—

Աշխարհոր ինձ ետուր արեւԱշխարհոր ինձ ետուր արեւ 

 

3. Հասակ  մը²     կայ մեր կենաց մէջՅորժամ քնարն իմ ցրտանայ՝

Ուր ամենայն իղձ կաւարտիՍիրոյն տալով վերջին բարեւ,— 

Հասակ մըուր հոգին ի տենչ ` Երթամ ննջել յիմ Կիլիկիա³,

Յիշատակաց իւր կարօտիԱշխարհոր ինձ ետուր արեւ:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com

1. Մայրիները          2. Տարիք մը     3. Կիլիկիոյ մէջ (ներգոյական հոլով)