Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ 9 Յուլիսի երեկոյեան ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ բացած են Գեղարքունիքի սահմանագօտիի ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ ՊՆ–ն։
«Հայկական կողմը կրակ չի բացել եւ, ինչպէս արդէն նշել ենք, անհրաժեշտութեան դէպքում իրականացնում է միայն հակառակորդին հակազդելու գործողութիւններ»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։