image

Հայերէնը կը զուարճանայ (200)

Հայերէնը կը զուարճանայ (200)

1. Վայելենք մեր միջնադարեան սիրերգակ Նահապետ Քուչակի մէկ ութեակը.

Աչերդ է ծովէն առած, Աչքերդ ծովէն առնուած են,

եւ ուներդ է ի թուխ ամպէն․ եւ յօնքերդ՝ թուխ ամպէն.

Այդ քո պատկերքդ եւ սուրաթըդ Այդ քու  պատկերդ եւ դէմքդ՝

      ի վարդին կարմիր տերեւէն․ վարդին կարմիր թերթէն.

Ուր որ դու կանգնած լինիս, Ուր որ դուն կանգնած ըլլաս,

       չէ պատեհ վառեն մոմեղէն․ պէտք չկայ հոն մոմ վառելու.

Ծոցուդ լոյսըն դուրս ծագէ, Քանի երբ  ծագի ծոցիդ լոյսը,

      գէմ ելնէ մեռելն ի հողէն։ մեռելն  իսկ դուրս կու գայ հողէն:

2.   Գագաթ եւ... Գողգոթա

Մարդու մտքէն կրնա՞յ անցնիլ, որ մեր գագաթ-ը նոյնանայ Քրիստոսի մագլցած տանջալից ճամբային ու անոր վերջաւորութեան հետ, որ Գողգոթա-ն էր եւ որ խորհրդանիշն է մեր Փրկիչի չարչարանքին:

Բայց եւ այնպէս... այս ա՛յս է, գագաթ եւ գողգոթա նոյն բառն են՝ որոշ տարբերութեամբ արտասանուած    հայերէնի ու եբրայերէնի մէջ: Երկուքն ալ ունեցած են փոխաբերական նո՛յն  նշանակութիւնը, որ է  «ճաղատ գլուխ», եւ ճիշդ ճաղատ գլուխ ձեւացուցած է  Երուսաղէմի Գողոթա կոչուած բլուրը, ուր մագլցեցաւ Յիսուս՝ խաչը ուսին,   եւ այդ ճաղատ գլուխին վրայ ալ խաչուեցաւ:

Գրաբարի մէջ բառս գագաթն էր՝ ն-ով:

Այս ն բաղաձայնը, որ անհետացած է աշխարհարբարէն,  կը  վերականգնի գագաթ-

նակէտ, գագաթնաժռղով,  գագաթնային  եւ այլ բաղադիր կազմութիւններու մէջ: 

 

3.Կարելիութիւն 

Այս բառը ունի դրական նշանակութիւն  մը եւ հոմանիշ է շատ ծանօթ կարողութիւն բառին. օրինակ՝ 

«Ան կարելիութիւն   ունի ինքնաշարժ գնելու», կը նշանակէ՝

-«Ան կարողութիւն   ունի ինքնաշարժ գնելու»:

Բայց ահա զարմանալիօրէն կը գտնենք շատ սխալ կիրարկութիւններ՝ յատկապէս ռամիկի բերնին մէջ, բայց նաեւ մամուլի ենթադրեալ գրական հայերէնին մէջ. օրինակ՝

--«Բոլորը պէտք է գործակցին կարելի եղածին չափ շուտ նախագահ ընտրելու համար, այլապէս երկիրը ենթակայ պիտի մնայ բոլոր տեսակի կարելիութիւններուն» («Ազդակ», 8/11/2024, էջ 8):

Այստեղ կ’ակնարկուի հաւանական կամ ստոյգ վտանգի մը, որ կը սպառնայ երկրին, որ է Լիբանանը,եթէ ան շարունակէ մնալ առանց նախագահի: 

Եւ այս սպառնալիքը, այս վտանգը կը բացատրուի, կը նոյնացուի կարելիութիւններ դրական հասկացութեան հետ, այսինքն՝ իրականութեան ճի՛շդ հակառակը:

Մինչդեռ պէտք եղածը հաւանականութիւն  բառն է. այսինքն՝ եթէ Լիբանան շարունակէ ձգձգել նախաագահի ընտրութիւնը, ապա հաւանական է, այսինքն՝ կրնայ  տեղի ունենալ ամէն  փորձանք կամ  ամէն հոլովոյթ, մասնաւորաբար՝ բացասական, վտանգաւոր, վանելի:

Հաւանականութիւն-ը երկիմաստ է՝ դրական եւ բացասական, եւ կացութիւնն է, որ երեւան կը հանէ, թէ այս երկուքէն ո՛րն է տեղի ունեցածը՝ դրակա՞ն, թէ՞ բացասական:  

 

  1. Ենթակայ/բայ անհամաձայնութիւնը

Ցաւալի է նկատել, որ կարելի չ’ըլլար  դարմանել այսքան պարզ թերութիւն մը, եւ ենթակայ/բայ թուային անհամաձայնութիւնները օր աւուր կը դիմաւորեն մեզ մեր մամուլի էջերուն,  ուր յառաջապահի դիրքերուն վրայ խիզախաբար ու անտեղիտալի ջանասիրութ-եամբ կը մարտնչի  «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը իր  հաւատարիմ զինակիցներով:

--«Հանրային սովորութիւնների փոփոխութիւնը դանդաղ են» (8/11/2024, էջ  8):

--«Խորհրդածութեան առարկայ դարձան Հայաստանի քաղաքական վիճակը» (էջ 5):

--Հայերու կարեւոր մէկ հատուածը կորսնցուցած են հայախօսութիւնը («Ակօս»):

--Արձանին  տեղադրումը  եւ օծումը կատարուեցաւ  22 սեպտ.-ին («Զարթօնք»):

--Մայրուղիի շրջանը կը կուտակուէր մարասիրական օգնութիւնները («Արարատ»):

5. Ստիպել

Իր կարգին մնայուն բաց վէրք մըն է  ստիպել ներգործական բայի խնդրառութիւնը, որ «Ազդակ»-ը  յամառօրէն կը մերժէ դարմանել՝ տրական հոլով խնդիր տալով անոր.

--«Հզպալլահ կրցաւ Իսրայէլին ստիպել Պէյրութէն ու Սայտայէն քաշուիլ» (էջ 1):

Մենք մէկուն (տրական հոլով)  չէ՛ որ կը ստիպենք, այլ կը ստիպենք մէ՛կը (հայցական հոլով). ուրեմն՝  պէտք է ըլլայ Իսրայէլը  եւ ոչ թէ Իսրայէլին

Այս հայցական հոլով խնդիրը  կը հանդիսանայ  ստիպել-ին անմիջական առարկան, ան, որուն կը պարտադրուի բան մը, որ այստեղ քաշուիլ-ն է: Ի՞նչ կը պարտադրեն՝ քաշուիլ : Ուրեմն՝ 

--«Հզպալլահ կրցաւ Իսրայէլը ստիպել Պէյրութէն ու Սայտայէն քաշուիլ»:

Լեզուն կը թոյլատրէ, որ  քաշուիլ-ը գրենք տրական եւս՝ քաշուելու. երկուքն ալ ճիշդ են: Նախընտրութեան  ու ճաշակի հարց է:

Մեր խօսքը շատ աւելի վայելուչ ու տպաւորիչ, այլեւ հաճելի ու շոյիչ  պիտի հնչէր, եթէ սապէ՛ս շարադասէինք անոր բառերը.

--Հզպալլահ կրցաւ ստիպել Իսրայէլը՝ քաշուելու Պէյրութէն ու Սայտայէն»:

Սակայն այս պայմաններուն մէջ ապուշ պերճանք մըն է ոճաբանական հարցեր արծարծել հոն, ուրկէ  կը բացակայի  տարրական հայերէնի իմացութիւնը:

Marie Antoinette մը պէտք է, որպէսզի «ուտելու հաց չունինք» պոռացող սովահար  ցուցարարներուն  մեծահոգաբար թելադրէր.

Ուրեմն  գացէք կարկանդա՛կ կերէք...

6.  Թէ,    որ,  կարծել եւ մասամբ նորին...

Կարծել  բայով մենք կ’ակնարկենք անորոշ, ոչ-վստահելի, կասկածելի, կիսահաւա-նական երեւոյթներու, արարքներու, մտքերու եւ այլնի. ասոնք բոլորը կը պահանջեն, որ  կարծել-ին հետ կիրարկենք թէ շաղկապը, որ նմանապէս անորոշ ու կասկածելի  կացութեանց կ’ակնարկէ.  այս արմատով  ունինք թէական  կոչուած ածականը, որ կը նշանակէ կասկածելի, վիճելի, տարակուսելի եւ այլն:

Թէ-ին դիմաց ունինք որ շաղկապը,  որ բոլորովին հակառակն է. ասով կ’ակնարկենք որոշ, ծանօթ, ստոյգ  իրողութեանց. օրինակ՝ 

--Բոլորս գիտենք, որ դուն արդար մարդ ես:

--Բոլորովին ստոյգ է, որ  թերացում տեղի չէ ունեցած:

Այս բոլորին լոյսին տակ, ճիշդ չէ գրել սապիսի բաներ.

--Ես չեմ կարծեր,  որ  ոեւէ  մէկը քայլ պիտի կատարէ... («Ազդակ», 8/11/2024, էջ 1):

--Կը կարծեմ, որ պիտի խօսիմ Փութինի հետ» (անդ, էջ 1):

Երկու որ-երը պէտք է ըլլան թէ :

Մրցոյթ196.

***Դուն ինչպէ՞ս ը շարադրէիր հետեւեալը.

---Պէտք է մտաւորական նկատել արուեստի ո՛րեւէ մարզի պատկանող անձերն ալ, եթէ կը լրացնեն այս պայմանները:

***Կէտերը փոխարինէ՛  շեղ թաւագիր բառերէն մէկով.

ա) իմաստասէր կամ իմաստասէրներ

---Երբեմն կը դժուարանանք այս մտածողները  իմաստասէր անուանելու:

բ) զաւակ կամ զաւակներ

---Եթէ ննջեցեալը զաւակ չունէր, ապա պետութիւնը կ’իւրացնէր անոր  ունեցածը:

***Ո՞ր բառերը կը զեղչես հետեւեալէն.

---Հնգեակի դեսպանները յառաջիկայ օրերուն ընթացքին իրար միջեւ խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենան:

***Դուն ինչպէ՞ս կը կէտադրես ու կը շարադասես  բառային հետեւեալ քաոսը.

---Թրամփի իշխանութիւնը պաշտօնապէս ստանձնելէ(ն) անմիջապէս ետք Նեթանիահու պիտի առաջարկէ  Իսրայէլի  գերիշխանութեան  տարածումը Այսրյորդանանի վրայ: 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (9), Լեւոն Շառոյեան (9), Համբարձում Յարթունեան (4), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (9) :

Մրցոյթ 197.

***Հետեւեալէն ո՞ր բառերը իբրեւ աւելորդ կը ջնջես.

---Դեսպանները յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին իրար միջեւ  խորհրդակցական  հանդիպում մը պիտի ունենան:

***Դուն ինչպ է՞ս կը շարադրէիր հետեւեալը.

---Հըզպալլան Այնաթայի  մերձակայքին մէջ բուռն բախումներ ունեցաւ իսրայէլեան ուժերուն հետ` անոնց շարքերուն մէջ պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ:

***Հետեւեալին ո՞ր բառը կը փոխարինես ինչով.

---Անհամբեր էին գիտնալու, եթէ  ես ալ պիտի մասնակցէի խաղին:

***Գտի՛ր ու սրբագրէ՛ հետեւեալներուն  քերականական սխալները:

---Մինչեւ այս պահը կը հաշուեն աւելի քան  ութսուն հազար զոհ, որուն  աւելի քան քառորդը՝  մանուկներ:

---Նախարարը իր պաշտօնակիցներուն հետ սերտեցին կրթական բարեփոխութեան  նորագոյն առաջարկները:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com




*** Վերականգնէ՛ հետեւեալին շարադասութիւնը.

---Դուրսը` ոչ միայն իբրեւ Համաշխարհային ուժանիւթի եւ անվտանգութեան փորձագէտ-տնտեսագէտ, այլ նաեւ իբրեւ գրող, հրապարակախօս եւ քաղաքական վերլուծաբան կ՛ողջունէին Վահանին ներկաներէն շատեր: