image

Արմենակ Եղիայեանի յիշատակին. Գրեց՝ Դոկտ. Արա Սանճեան

Արմենակ Եղիայեանի յիշատակին. Գրեց՝ Դոկտ. Արա Սանճեան

Բնիկ Լիբանանէն, ներկայիս Միացեալ Նահանգներու մէջ ակադեմական գործունէութիւն ծաւալող Դոկտ. Արա Սանճեան կը գրէ ՝

Հանգուցեալ Արմենակ Եղիայեանի մասին իմ կողմէս ալ յաւելեալ երկու գովասանութիւն երեւի բան չաւելցնէ իր մասին այսօր արդէն իսկ գրուածներուն վրայ։ Փորձեմ իր յիշատակը յարգել երկու անձնական տպաւորութիւն արձանագրելով մտաւորականի իր տիպին եւ իր սրբութիւն սրբոցին՝ արեւմտահայերէնին այսօր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ 

Հանգուցեալ ատամնաբոյժը այն citizen scholarներէն էր, որմէ շատերն ունեցանք եւ դեռ մի քանին ունինք յետեղեռնեան սփիւռքի մէջ։ Զինք նախորդած citizen scholarներու սերունդը մասնագիտացած էր ինքնաշխատութեամբ՝ քանի որ այդ ժամանակ համալսարանական կրթութիւն ստանալը դժուար հասանելի էր շատերուն։ Տոքթ. Եղիայեանի օրօք վիճակը քիչ մը փոխուած էր, բայց մարդկային ու հասարակական գիտութիւններուն սիրահարուած պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն (ներառեալ՝ այս տողերը գրողը) իրենց շրջապատը կը շարունակէր առտու-իրիկուն «գլուխ արդուկել» թէ ուրիշ բանի մէջ մասնագիտական՝ քանի որ իրենց սիրած ճիւղը «փոր չի կշտացներ»։ Եղիայեանն ալ ի վերջոյ ընտրած էր ատամնաբուժութիւնը, բայց սէրը հայերէնին հանդէպ ո՛չ միայն վառ մնաց իր մինչեւ վերջին րոպէն, այլ ապահովեց իրավիճակ մը, ըստ որու զինք երկար պիտի յիշենք առաջին հերթին իբրեւ խստապահանջ լեզուաբան մը եւ միայն յետոյ՝ որպէս ատամնաբոյժ։ Արդի պայմանները թոյլատո՞ւ են, որ շարունակուի նորանոր citizen scholarներու հանդէս գալը նաեւ ապագային... Մասնագիտութեամբ գուշակ չեմ։

Տոքթ. Եղիայեանի նախասիրած մարզը՝ արեւմտահայերէնը ատամաբոյժ-լեզուաբանին ծնունդէն քառորդ դար առաջ դարձած էր Մեծ Եղեռնի զոհերէն մէկը, միայն թէ՝ վերջինիս մահացու վիճակին անդրադառնալու համար մի քանի տասնամեակի կարիքն ունեցանք։ Նոյնի՛սկ, ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն՝ անիկա ցայտուն (բայց յետոյ պարզուեցաւ թէ խաբուսիկ) վերելք մը ապրեցաւ, յատկապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի նորաստեղծ գաղթավայրերուն, անգամ՝ վերջիններուս հիւղաւաններուն մէջ, երբ հայեր՝ գոնէ մի քանի տասնամեակ, իրարու կողքին, համախումբ բնակեցան՝ թերեւս աւելի մեծ խտութեամբ քան Հայկական Լեռնաշխարհի եւ Կիլիկիոյ իրենց պապենական քաղաքներուն մէջ։ Արեւմտահայերէնը այդ օրերուն զարգացաւ անհատ լեզուաբաններու՝ Ղազիկեանի, Թաշեանի եւ այլոց ուսումնասիրութիւններով, տարածուեցաւ սփիւռքահայ դպրոցներու ուսուցիչներու ու մամուլի սիւնակագիրներու եւ խմբագիրներու հետեւողական աշխատանքով։ Բայց քանի որ անոր գլխուն չկար ոստիկանական գործառոյթ կատարող պետական հիմնարկի մը կամ պետական հովանաւորութիւն վայելող այլ մարմնի մը մահակը, արեւմտահայերէնը նաեւ զարգացաւ «ազատ», իրմով սիրահարուած citizen scholarներու եւ ակադեմիական կրթութիւն ստացած մասնագէտներու փոքրաթիւ շրջանակի մը մէջ բուռն, փոխադարձ քննադատութիւններով, որոնք յաճախ նոյնիսկ անձնական վիրաւորանքի սահմանագիծը կը հատէին։ Տոքթ. Արմենակն ալ այդ բանավէճերուն մէջ ընդգրկուածներէն եղաւ։ Կա՞յ մասնագէտ մը այսօր, որ այդ բանավէճերը գիտական մաղէ անցընէ, ամփոփէ ու վերլուծէ անոնց հաւաքական նպաստը արեւմտահայերէնին եւ արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի փոխադարձ կապերուն մասին շարունակուող քննարկումներուն։ Այդպիսի աշխատանք մը լաւագոյն յուշարձանը պիտի ըլլայ Տոքթ. Արմենակին եւ իր նմաններուն (ընդդիմախօսներո՞ւն) տարիներու ընթացքին թափած ջանքին ու «քայքայած ջիղերուն»։

Յաճախ փորձած եմ պատկերացնել թէ ինչպիսի՞ն էր արդեօք պոլսահայ այն ջոջերուն զգացումը երբ իմացան Յակոբ Պարոնեանի մահուան մասին՝ անոր գրիչին «զոհ» դառնալու իրենց անհատական կարգը դեռ չհասած։ Պարզ է, սակայն, որ այսօր մեր իրականութիւնն աւելի թոյլ է Պարոնեանի գիծը նոյն հմտութեամբ շարունակողներու ակնյայտ բացակայութեամբ։ Այդ ջոջերուն հաւանաբար ապրած կարճատեւ թեթեւացումը մեզի՝ իբրեւ հաւաքականութիւն, երբեք չնպաստեց։ Կը մաղթեմ, որ սփիւռքահայ մամուլի խմբագիրները տարբեր, յուսամ՝ աւելի զգաստ զգացում կ’ունենան այսօր, քան ինչ որ կ’ենթադրեմ որ որոշ պոլսահայ ջոջերու հաւանական պարագան էր մօտ 130 տարի առաջ։ Արմենակ Եղիայեան-«ոստիկանի» բացակայութիւնը ալ աւելի կրնայ թուլացնել արեւմտահայերէն մամուլը...