Վոլթեր եւ իր խայթոցները
Վոլթեր ֆրանսացի բազմաշնորհ մտաւորական մըն էր (1694--1788), այնպիսիներէն, որոնք ազգային մտածողութիւն կը ձեւաւորեն եւ կը ձգեն իրենց խոր դրոշմը անոր հոլովոյթին վրայ: Ֆրանսան եւ ֆրանսացի ժողովուրդը իրենց կայացման մէջ շատ բան կը պարտի իրեն եւ նմաններուն:
Մանրակազմ, ճմռթքուած ու անհրապոյր դէմքով, խեղանդամ, այլեւ բազմաթիւ հիւանդութիւններով տառապող այս հսկան սերտ կապեր ունէր Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երեւելի իշխանաւորներուն հետ, որոնք կը վախնային իրմէ ու կ’ակնածէին իրեն: Անոր հանդէպ մասնաւոր համարում ունէր Փրուսիոյ Մեծն Ֆրեդերիկ արքան, որուն արքունիքին մէջ իրեն վերապահուած էր յատուկ յարկաբաժին մը. անոր թագաւորութեան 46 տարիներուն (1740-1786) Վոլթեր երկար մնաց անոր մտերմութեան մէջ:
Այս այն ֆրանսամոլ արքան էր, որ սովորութիւն ունեցած կ’ըլլայ ըսելու.
-Ես գերմաներէնը միայն ծառաներուս եւ... շուներուս հետ կը խօսիմ:
* *
*
Իմ սուղ տողերս թոյլ չեն տար նուազագոյն չափով իսկ ընդգրկելու Վոլթերի բազմերես կերպարը, յատկապէս այն պայծառ իմացականութիւնը, որուն կը հաղորդուինք իր ծովածաւալ ու այլաբնոյթ գրականութեան ըմդմէջէն:
Այստեղ տիրողը այն հաճելի սրամտութիւնն է, որ երբեք չլքեց անոր գրիչը:
Տեսնենք երկու դրուագ անկէ:
Առաջինին թիրախը կը կոչուէր Lefranc de Pompignan, որ բանաստեղծ մըն էր եւ թարգմանիչը Հին կտակարանէն Երեմիայի գիրքին.
Savez-vous pourquoi Jérémie Գիտէ՞ք, թէ ինչու Երեմիան
A tant pleuré pendant sa vie ? Այնքան լացաւ իր կեանքին մէջ.
C’est qu’en prophète il prévoyait, Զի իբրեւ մարգարէ կը նախատեսէր,
Qu’un jour Lefranc le traduirait. Թէ Լըֆրան օր մը զինք պիտի
թարգմանէր:
Միւսը` մահացու թշնամի Վոլթերին, կը կոչուէր Jean Fréron, որ լրագրող մըն էր: Անոնք իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին հալածեցին զիրար եւ գրեցին իրարու դէմ. ստորեւ Վոլթերի՝ անոր ուղղուած խայթոցներէն մին.
L’autre jour au fond d’un vallon Անցած օր հովիտին մէջ
Un serpent piqua Jean Fréron; Օձ մը խայթեց Ժան Ֆրերոնը.
Savez-vous ce qu’il arriva ? Գիտէ՞ք, թէ ինչ պատահեցաւ.
C’est le serpent qui en creva! Օձը ինքն էր որ մահացաւ:
2. Ձեռնածու, ձեռնածութիւն
Երկուքն ալ դասական բառեր են եւ կը գտնուին «Նոր հայկազեան»-ի մէջ.
Ձեռնածու - դիւթ, վհուկ, կիւս, կախարդող կամ հմայող՝ ածելով եւ յածելով ձեռս՝ ի վեր եւ ի վայր:
Այսինքն՝ որ կը հմայէ, կը դիւթէ ձեռքերը վեր ու վար պտտցնելով:
Ձեռնածութիւն-դիւթութիւն կամ արհեստ ձեռնածուաց:
* * *
Աշխարհաբար բոլոր բառարանները ունին այս երկու բառերը մօտաւորապէս այն նոյն նշանակութիւններով, որ անոնք ունէին գրաբարի մէջ:
Շատ ճիշդ կողմնորոշումով մը եւ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ մերոնք այս երկուքով թարգմանած են նաեւ ֆրանսերէն jongleur/jonglerie եւ անգլերէն juggler /jugglery ՝ բառերը:
Կարգ մը նորագոյն բառարաններու մէջ եւ նմանապէս գովելի կողմնորոշումով մը ձեռնածու եւ ձեռնածութիւն կոչուած են նաեւ manipulateur/manipulator եւ manipulation հասկացութիւնները:
Մինչեւ իսկ հնարած են տակաւին ձեռնածական ածականը՝ օտարին manipulatif/manipulative-ին փոխարէն:
* * *
Այս այսպէս ըլլալով՝ մինչեւ օրս չկայ որեւէ հայերէնէ/հայերէն բառարան, որ ունենայ ձեռնածել բայը, մինչդեռ ան վաղուց ազատ տեղ գտած է 19-րդ երկրորդ կէսէն սկսեալ ֆրանսերէն/հայերէն հետեւեալ բառարաններուն մէջ.
--Եղիա Տեմիրճիպաշեան (1886)
--Մեսրոպ Նուպարեան (1911)
--Գուիտոն Լուսինեան (1920)
Այս բոլորի լոյսին տակ՝ կարելի չէ չապշիլ ու չափսոսալ, թէ ինչո՛ւ արդի արեւելահայը ձիւթ ծամելու թեթեւութեամբ կը կրկնէ մանիպուլյադոր, մանիպուլյատիւ, մանիպուլյացիա, մանիպուլյացնել ապաշնորհ ու զազրելի օտարաբանութիւնները՝ մանաւանդ ռուսական վանելի արտասանութեամբ, փոխան հայերէն ձեռնածու, ձեռնածական, ձեռնածութիւն եւ ձեռնածել բառերուն, որոնք այնքան ճաշակով մտածուած, հնարուած ու կառուցուած են:
Մրցոյթ 29.
***Հետեւեալին մէջ բառ մը սխալ կիրարկուած է, ուրիշ մըն ալ աւելորդ է.
---Արեւմտեաններու ականներու հիմնական նպատակն է խարխլել շրջանին մէջ կացութիւնը («Ազդակ», 12/6/2025, էջ 8):
***Աւելի կիրթ շարադասութեամբ մը ըսէ՛ հետեւեալը՝ առանց որեւէ բառ փոխելու:
---Նախագահը տակաւին վճռակամ է՝ չարտօնելու Թեհրանին իրագործել այդ նպատակը իրագործել չարտօնելու («Ազդակ», 12/6/2025, էջ 1):
***Հայեցի շարադասութեամբ ըսէ՛ հետեւեալը՝ միաժամանակ ջնջելով անկէ աւելորդ բառ մը:
---Նման արարքներ կը ծառայեն իսրայէլացի թշնամիին իսրայէլացի թշնամիին կը ծառայեն եւ կը վնասեն հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան կը վնասեն («Ազդակ», 12/6/2025, էջ 8):
***Հայեցի շարադասութեամբ ըսէ՛ բառային հետեւեալ խաժամուժը՝առանց որեւէ բառ փոխելու.
---Բոլորին կոչ կ’ուղղենք՝ կառչելու ազգային գերագոյն ազգային շահերուն կառչելու եւ զանոնք ամէն բանէ վեր դասելու զանոնք («Ազդակ», 12/6/2025, էջ 8):
***Հետեւեալին երեք ընդգծուած բառերը փոխարինէ՛ երկու ուրիշներով.
---Երկու անջատ դէպքերու ընթացքին տարբեր առիթներով բնակիչները արգելք հանդիսացած են պարեկութիւն կատարող ուժերուն («Ազդակ», 11/6/2025, էջ 1):
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8,5), Ցոլակ Ապտալեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (5,5), Միրնա Սիւլիւքճեան (4), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (10):
Մրքցոյթ 30.
***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալները՝ առանց որեւէ բառ փոխելու.
---Կը շարունակենք Լիբանանեան բանակին աջակցիլ եւ հարաւային Լիբա-նանէն իսրայէլեան բանակի հեռացումը կը պահանջենք («Ազդակ», 13/6/2025, էջ 2):
---Ֆրանսա բոլոր կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ’ուղղէ՝ վերահաստա-տելով ինքնապաշտպանութեան Իսրաէլի իրաւունքը («Հայկական ժամանակ»):
***Հետեւեալին մէջ բառ մը ճիշդ չէ ընտրուած. փոխարինէ՛ զայն.
---Անոնց վերջին զրոյցը իրենց միջեւ հետզհետէ աւելի լարուող յարաբե-րութեան մէկ նոր երեւոյթն էր («Ազդակ», 13/6/2025, էջ 8):
***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Իսրայէլեան յարձակումը կը հարուածէ բոլոր միջազգային անգիր օրէնքներն ու մարդասիրական օրէնքները («Ազդակ», 16/6/2025, էջ 2):
***Հետեւեալէն ո՞ր բառերը կարելի է ջնջել.
---Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ սուրբ պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց («Ազդակ», 16/6/2025, էջ 2):
armenag@gmail.com
Արմենակ Եղիայեան