Ազգային- աւանդական կուսակցութիւններու թեման շատ յաճախ, որպէս թիրախ կը ներկայանայ հայաստանցի կարգ մը լրագրողներուն համար: Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումէն ի վեր մինչ այդ Սփիւռքի մէջ գործունէութիւն ծաւալող այդ կուսակցութիւնները տարբեր առիթներով դարձան ոչ միայն հետաքրքրութեան առանցք, այլ նաեւ վատ լրագրութեան, շատախօսութեան եւ պարսաւանքի առարկայ: Տեղին չէ քննարկել այս երեւոյթին տարբեր շերտերը եւ հանգամանքները, սակայն տեղին է արագ նշումներ ընել, որովհետեւ հարցը չի սահմանափակուիր հերթական լրագրութիւն մը ընելու սահմաններուն մէջ:
Ի՞նչ է ուզուածը այս կուսակցութիւններէն եւ ինչո՞ւ այս հեգնական մօտեցումը անոնց հանդէպ: Տակաւին, ինչո՞ւ այս երկերեսանի մօտեցումը երբ հարցը կը դիտուի (կամ շատերու կողմէ որոշ ճիգ կայ խնդիրը այդպէս ներկայացնելու) սփիւռք- Հայաստան չգոյ երկփեղկումի ակնոցով:
Պարոնայք ի՞նչ երկփեղկումի մասին կը խօսուի երբ սփիւռքի ծանր պայմաններուն տակ ապրած եւ մաքառած այդ կուսակցութիւնները ամէն գնով փորձեցին ու դեռ ալ կը փորձեն զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանին:
Երկփեղկո՞ւմ է, երբ այդ կուսակցութիւնները ամէն առաջնահերթութիւն մէկդի դրած իրենց քաղաքական- տնտեսական բոլոր սլաքները կ'ուղղեն դէպի Մայր հայրենիք:
Այ՛ո Մայր հայրենիք:
Այդ կուսակցութիւններուն համար Հայաստանը ի հեճուկս իր բոլոր խարխափումներուն եւ անկումներուն կը շարունակէ մնալ Մայր հայրենիք:
Եւ այդ որակումը սոսկական կեղծ ու շահակցական որակում մը չէ:
Այս ընդհանուր իրավիճակէն ելլելով կարիք չկայ յիշեցնելու, որ ազգային աւանդական կուսակցութիւններու Հայաստանի հանդէպ անցեալին, այսօր եւ վաղը առկայ պաշտամունքը գոյութենական իմաստ ունի:
Այդ պաշտամունքը մտային մարզանքներու, լրագրողական աճպարարութիւններու, կուսակցական ներքին վէճերու մասին «սքուբ» ընելու եւ ընթերցողներ գրաւելու միտումին չի նմանիր:
Սփիւռքի սերունդներուն համար կուսակցական պատկանելիութիւնը, ոչ միայն ազգային ըմբռնում է այլ կեանքի ոճ:
Այդ մասին կը վկայեն Միջին Արեւելքի գաղութներուն մօտիկ անցեալի դէպքերը: Այդ մասին կը պատմեն բազում զոհողութիւններով ու յաճախ արիւնով պահուած ու պահպանուած հայկական թաղամասերու (Պէյրութ եւ Հալէպ) պահպանումն ու հայերու անվտանգութիւնը պաշտպանելու անյետաձգելի գործին տարբեր հանգրուանները:
Այս բոլորը, պարոնայք, յօդուածներով չեն եղած: Այս բոլորը շահերու, աթոռներու, պաշտօններու կամ մետալներու մակարդակով չեն եղած:
Այս բոլորը եղած են կեանքով, արիւնով եւ զոհողութեամբ:
Ու ամենակարեւորը, սփիւռքի մօտիկ անցեալի ու այսօրուան ղեկավարութեան համար Հայաստանին դաս տալու միտումներ երբեք չեն եղած ու չկան:
Տարբեր պայմաններու բերումով դարձեալ իրենց նուիրումի արարքով տոգորուած այդ կուսակցութիւնները ծանր հարուածներ ստացան Հայաստանի մէջ:
Անոնք հասան պառակտումի եզրին: Տարբեր հաշիւներով, տարբեր զուգադիպութիւններով եւ տարբեր քաղաքական հանգամանքներու տակ այդ կուսակցութիւններուն վարկը դրուեցաւ փորձութեան նժարին մէջ:
Սակայն յաղթողը եղաւ ոգին:
Ու այսօր եթէ Հայաստանի մէջ կուսակցութիւններու հանդէպ համընդհանուր անվստահութեան եւ անհաւատութեան իրավիճակ մը կը տիրէ, ապա նոյնը չէ սփիւռքի պարագային:
Հոն խնդիրը տարբեր է: Հոն կան մարդիկ (ու ինչ լաւ է որ դեռ կան), որոնք հաւատք ունին իրենց գաղափարին հանդէպ:
Հոն կան մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը շաղախած են իրենց դաւանած կուսակցութիւններուն:
Ու կան մարդիկ, որ գիտեն ժամանակաւորը զատորոշել անցողիկէն:
Տակաւին չեմ խօսիր երիտասարդ սերունդներուն մասին, որոնց հոգեմտաւոր պրիսմակի ամէնէն մեծ արժէքը Հայաստանն է:
Առիթով մը Վահէ Օշական խօսելով Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն սերտաճող վատ իրավիճակին եւ մանաւանդ նահանջներուն մասին, կը գրէր սփիւռքի աւանդներուն կառչած մնալուն մասին: Մտաւորականը կը հաւատար, որ միայն սփիւռքի մէջ ստեղծուած նուիրուելու կամքով է, որ Հայաստանը պիտի յաջողէր թօթափել բոլոր յոռի բարքերը:
Խօսքը երկուութեան մը մասին չէր: Խօսքը նուիրուածութեան, պատրաստակամութեան եւ զոհաբերութեան մասին էր: Եւ ինքը Օշական լաւ գիտէր, որ առանց այդ ոգեղէն արժէքներուն անկարելի էր յաղթել Արցախի մէջ ու անկարելի էր պահել սովետական բրակմաթիզմէն եւ շահակցական ընկալումներէն նոր աչքերը բացող մեր երկիրը:
Այսօր ալ նոյնն է: Սփիւռքի հայ ժողովուրդը չէ ընտրած իր ճակատագիրը: Եւ շատեր կը մոռնան, որ սփիւռքը հետեւանք է ու ոչ՝ նպատակ:
Հայ ազգային կուսակցութիւններուն համար եւս սփիւռքը հանգրուան է: Հիմնական ուղին ու վախճանական ամրոցը այսօրուան Հայաստանն է: Հայ դատի բոլոր երակները Հայաստանէն կ'անցնին:
Երբեմն ուղին կը կորսուի, երբեմն այդ հանդիպումը կ'ուշանայ, երբեմն ուղեցոյցը կը խարխափէ, բայց միեւնոյնն է, ուղին մէկ է ու յստակ, ուղին ՝ Հայաստանն է:
Ու ասոր համար է նաեւ, որ զգոյշ պէտք է ըլլալ նախքան ստեղնաշարին կամ թուղթին մօտենալը այդ կուսկցութիւններուն մասին «սեւացրէք» ի քաղաքականութիւն որդեգրելէ:
Հեշտ է սպիտակ թուղթը ընթերցող հաւաքելու համար լեցընել:
Հեշտ է արժէքներու համակարգը հարուածել:
Հեշտ է խելք բաժնել ու մեծ-մեծ բառերով հայրենասիրութիւն սորվեցնել:
Դժուարը դրական տեղաշարժին մասին խօսիլն է: Դժուարը Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ծով նուիրուածութիւնը եւ սէրը գնահատելն է: Ու դժուարը ազգն ու հայրենիքը պառակտող բոլոր սեւ բիծերը քննադատելն է:
Ասոր համար է նաեւ, որ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ պէտք է նշմարենք, որ ազգային կուսակցութիւններուն դիմագրաւած տագնապները եւ վերիվայրումները վնաս են, ոչ միայն սփիւռքի ափերով մէկ տարածուած հայերուն այլ նաեւ Հայաստանին:
Սփիւռքի հայութիւնը աւելի քան հարիւր տարի այդ կուսակցութիւններուն հանդէպ իր ունեցած հաւատքով ապրեցաւ:
Ու հակառակ բոլոր բացթողումներուն այդ կառոյցներուն ճիգը արժանի է գնահատանքի ու յարգանքի:
Անկէ դուրս բոլոր մանրամասնութիւնները անկարեւոր ու անցողիկ են:
Սփիւռքի կուսակցութիւնները ապրելու համար եղած են: Անոնք կոչուած են տարբեր երանգներ ունեցող սփիւռքի հայութիւնը դէպի ապահով ափ հասցընելու:
Այդ ճամբան դժուարին է:
Այդ ճամբան լեցուն է վտանգներով:
Ու ատոր համար է նաեւ, որ պէտք է ամէն գնով կարեւորենք այդ կուսակցութիւններու դերը:
Զգոյշ ըլլանք մեր խօսքերուն մէջ:
Անսակարկ նուիրումով ամրագրուած գաղթական հայութիւնը այսօր եւս կարեւոր դեր ունի կատարելիք:
Զգոյշ ըլլանք մեր վերագրումներուն մէջ:
Հանգիստ ձգենք ազգային- աւանդական կուսակցութիւնները:
«Խմբագիր»