image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Ազգային Կուսակցութիւններուն Մասին Եւ Ոչ Միայն

Հայ Ազգային Կուսակցութիւններուն Մասին  Եւ Ոչ Միայն

 Ազգային- աւանդական կուսակցութիւններու թեման շատ յաճախ, որպէս թիրախ կը ներկայանայ   հայաստանցի կարգ մը լրագրողներուն համար: Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումէն ի վեր   մինչ այդ Սփիւռքի մէջ գործունէութիւն ծաւալող այդ կուսակցութիւնները  տարբեր առիթներով  դարձան ոչ միայն հետաքրքրութեան առանցք,  այլ  նաեւ   վատ  լրագրութեան,  շատախօսութեան եւ  պարսաւանքի առարկայ: Տեղին չէ քննարկել այս երեւոյթին   տարբեր շերտերը եւ հանգամանքները, սակայն տեղին է  արագ     նշումներ ընել, որովհետեւ հարցը չի  սահմանափակուիր    հերթական  լրագրութիւն  մը  ընելու սահմաններուն մէջ:

Ի՞նչ է ուզուածը այս կուսակցութիւններէն եւ ինչո՞ւ այս հեգնական մօտեցումը անոնց հանդէպ: Տակաւին, ինչո՞ւ   այս  երկերեսանի մօտեցումը երբ հարցը կը դիտուի  (կամ  շատերու կողմէ որոշ  ճիգ կայ   խնդիրը այդպէս ներկայացնելու)  սփիւռք- Հայաստան     չգոյ  երկփեղկումի   ակնոցով:

 Պարոնայք ի՞նչ երկփեղկումի մասին կը խօսուի  երբ սփիւռքի    ծանր պայմաններուն տակ  ապրած  եւ   մաքառած  այդ կուսակցութիւնները     ամէն  գնով    փորձեցին ու    դեռ ալ կը փորձեն զօրավիգ կանգնիլ    Հայաստանին: 

 Երկփեղկո՞ւմ է, երբ այդ կուսակցութիւնները ամէն առաջնահերթութիւն  մէկդի դրած իրենց քաղաքական-   տնտեսական բոլոր սլաքները կ'ուղղեն  դէպի Մայր  հայրենիք:

Այ՛ո Մայր  հայրենիք:

Այդ կուսակցութիւններուն համար Հայաստանը ի  հեճուկս  իր բոլոր        խարխափումներուն եւ անկումներուն կը շարունակէ մնալ Մայր  հայրենիք:

 Եւ այդ որակումը սոսկական կեղծ  ու շահակցական  որակում մը չէ:

 Այս ընդհանուր իրավիճակէն  ելլելով կարիք չկայ յիշեցնելու,  որ   ազգային աւանդական կուսակցութիւններու  Հայաստանի հանդէպ  անցեալին, այսօր եւ վաղը  առկայ պաշտամունքը գոյութենական իմաստ ունի:

Այդ պաշտամունքը մտային մարզանքներու, լրագրողական աճպարարութիւններու, կուսակցական ներքին վէճերու մասին «սքուբ» ընելու եւ ընթերցողներ գրաւելու  միտումին չի նմանիր:

 Սփիւռքի սերունդներուն համար կուսակցական պատկանելիութիւնը, ոչ միայն ազգային ըմբռնում է այլ կեանքի ոճ:

 Այդ մասին կը վկայեն Միջին Արեւելքի գաղութներուն    մօտիկ անցեալի      դէպքերը: Այդ մասին կը պատմեն  բազում  զոհողութիւններով ու յաճախ արիւնով  պահուած ու պահպանուած հայկական   թաղամասերու (Պէյրութ եւ Հալէպ)  պահպանումն ու   հայերու անվտանգութիւնը պաշտպանելու  անյետաձգելի  գործին տարբեր  հանգրուանները:

Այս բոլորը, պարոնայք, յօդուածներով չեն  եղած: Այս բոլորը շահերու,   աթոռներու,  պաշտօններու կամ  մետալներու    մակարդակով չեն եղած:

Այս բոլորը եղած են կեանքով, արիւնով եւ զոհողութեամբ:

Ու ամենակարեւորը,  սփիւռքի   մօտիկ անցեալի  ու այսօրուան   ղեկավարութեան համար Հայաստանին դաս  տալու միտումներ  երբեք չեն  եղած ու չկան:

 Տարբեր պայմաններու բերումով     դարձեալ  իրենց նուիրումի   արարքով   տոգորուած  այդ  կուսակցութիւնները  ծանր հարուածներ ստացան Հայաստանի մէջ:

 Անոնք հասան պառակտումի եզրին:  Տարբեր հաշիւներով, տարբեր  զուգադիպութիւններով եւ տարբեր քաղաքական  հանգամանքներու տակ   այդ կուսակցութիւններուն  վարկը դրուեցաւ փորձութեան նժարին մէջ:

 Սակայն յաղթողը     եղաւ  ոգին:

 Ու այսօր եթէ Հայաստանի մէջ կուսակցութիւններու հանդէպ համընդհանուր անվստահութեան եւ անհաւատութեան  իրավիճակ մը կը տիրէ,  ապա նոյնը չէ սփիւռքի պարագային:

 Հոն խնդիրը տարբեր է: Հոն կան մարդիկ (ու ինչ լաւ է որ դեռ կան), որոնք հաւատք ունին իրենց գաղափարին հանդէպ:

 Հոն  կան  մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը շաղախած են      իրենց դաւանած կուսակցութիւններուն:

Ու կան մարդիկ, որ գիտեն  ժամանակաւորը զատորոշել անցողիկէն:

 Տակաւին չեմ խօսիր    երիտասարդ սերունդներուն մասին, որոնց    հոգեմտաւոր  պրիսմակի  ամէնէն    մեծ  արժէքը  Հայաստանն է:

 Առիթով մը Վահէ Օշական   խօսելով Հայաստանի անկախութեան   առաջին տարիներուն սերտաճող  վատ   իրավիճակին եւ մանաւանդ նահանջներուն  մասին, կը գրէր սփիւռքի աւանդներուն  կառչած մնալուն մասին: Մտաւորականը կը հաւատար, որ միայն  սփիւռքի մէջ  ստեղծուած  նուիրուելու կամքով է, որ Հայաստանը  պիտի յաջողէր   թօթափել  բոլոր  յոռի բարքերը:

 Խօսքը երկուութեան մը մասին չէր:  Խօսքը նուիրուածութեան,  պատրաստակամութեան եւ զոհաբերութեան  մասին էր: Եւ ինքը Օշական լաւ գիտէր, որ առանց  այդ ոգեղէն   արժէքներուն անկարելի էր  յաղթել Արցախի մէջ ու անկարելի էր  պահել    սովետական բրակմաթիզմէն  եւ  շահակցական    ընկալումներէն   նոր աչքերը բացող  մեր երկիրը:

 Այսօր ալ նոյնն է:  Սփիւռքի  հայ ժողովուրդը   չէ ընտրած  իր ճակատագիրը: Եւ  շատեր կը մոռնան, որ սփիւռքը հետեւանք  է ու ոչ՝ նպատակ:

 Հայ ազգային  կուսակցութիւններուն համար եւս   սփիւռքը  հանգրուան է:  Հիմնական ուղին ու  վախճանական  ամրոցը  այսօրուան Հայաստանն է:  Հայ դատի բոլոր  երակները Հայաստանէն  կ'անցնին:

 Երբեմն ուղին կը կորսուի, երբեմն  այդ    հանդիպումը կ'ուշանայ, երբեմն  ուղեցոյցը կը խարխափէ, բայց  միեւնոյնն է,  ուղին մէկ է ու յստակ, ուղին ՝ Հայաստանն է:

 Ու ասոր համար է նաեւ, որ զգոյշ պէտք է ըլլալ  նախքան ստեղնաշարին կամ թուղթին մօտենալը այդ կուսկցութիւններուն մասին «սեւացրէք» ի քաղաքականութիւն որդեգրելէ:

Հեշտ է   սպիտակ թուղթը  ընթերցող հաւաքելու համար լեցընել:

Հեշտ է արժէքներու   համակարգը հարուածել:

Հեշտ է խելք բաժնել ու   մեծ-մեծ բառերով  հայրենասիրութիւն   սորվեցնել:

 Դժուարը  դրական  տեղաշարժին մասին խօսիլն է: Դժուարը Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ծով    նուիրուածութիւնը եւ սէրը գնահատելն է: Ու դժուարը   ազգն ու հայրենիքը պառակտող բոլոր սեւ  բիծերը քննադատելն է:

   Ասոր համար է նաեւ, որ    այսօր  աւելի քան որեւէ ժամանակ  պէտք է նշմարենք, որ ազգային կուսակցութիւններուն    դիմագրաւած տագնապները եւ  վերիվայրումները վնաս են, ոչ միայն  սփիւռքի  ափերով մէկ տարածուած   հայերուն այլ նաեւ Հայաստանին:

    Սփիւռքի հայութիւնը  աւելի քան հարիւր տարի  այդ կուսակցութիւններուն հանդէպ իր ունեցած հաւատքով ապրեցաւ:

Ու հակառակ  բոլոր բացթողումներուն այդ  կառոյցներուն ճիգը  արժանի է գնահատանքի ու  յարգանքի:

Անկէ դուրս   բոլոր մանրամասնութիւնները անկարեւոր ու  անցողիկ են:

 Սփիւռքի  կուսակցութիւնները   ապրելու համար եղած են: Անոնք    կոչուած են տարբեր  երանգներ  ունեցող   սփիւռքի հայութիւնը դէպի ապահով ափ հասցընելու:

 Այդ ճամբան  դժուարին է:

 Այդ ճամբան լեցուն  է   վտանգներով:

Ու ատոր համար է նաեւ, որ պէտք է ամէն գնով կարեւորենք  այդ կուսակցութիւններու դերը:

 Զգոյշ ըլլանք մեր խօսքերուն մէջ:

 Անսակարկ նուիրումով ամրագրուած  գաղթական հայութիւնը  այսօր    եւս  կարեւոր դեր ունի  կատարելիք:

Զգոյշ ըլլանք մեր   վերագրումներուն մէջ:

Հանգիստ ձգենք     ազգային- աւանդական  կուսակցութիւնները:

 «Խմբագիր»