Թուրքիան կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու ընթացքին։
Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ հանդիպելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս։
Ինչպէս հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը, Էրտողանն ընդգծած է, որ Թուրքիան կը սպասէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ հնարաւոր խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, որ, անոր ձեւակերպմամբ, «պիտի բաւարարէ Պաքուի օրինական պահանջները»։