image

Հայ-ատրպէյճանեան սահմանային գօտին հանգիստ է

Հայ-ատրպէյճանեան սահմանային գօտին հանգիստ է

19 եւ 20 փետրուարին, ՀՀ պետական սահմանի հայ-ատրպէյճանական գօտիին վրայ սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած, անմիջական մարտավարական իրավիճակը փոփոխութեան չէ ենթարկուած:

ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու պատասխանատուութեան տակ գտնուող Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի Որոտան-Դաւիթ Բեկ հատուածին եւս սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած:

ՀՀ զինուած ուժերու եւ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով եւ կը կատարեն առաջադրուած խնդիրները: