🔴Այս միայն սովորական գերեզմանատուն մը չէ, այլ՝ պատմական կոթողավայր։
Յիշողութիւն, աւանդ եւ մշակութային ժառանգութիւն...
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատմական արժէքներու ցուցակին մէջ ներառուած հայկական գերեզմանատունը։
Վկայարան Թուրքիոյ՝ հայոց աւելի քան 300 տարիներու պատմութեան։
Գործիչներ, որ անցած են Պոլիսէն, եւ անոնց ստորագրութիւնն ու հետքը կը շարունակեն մնալ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ։
Պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, ազգային, մշակութային մեծաթիւ գործիչներ այսօր կը ննջեն անոր հողերուն մէջ։
Օրմանեան Պատրիարքէն մինչեւ Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան Պատրիարք, Յակոբ Մարթայեանէն մինչեւ Զահրատ…
Շիշլին մեր հաւաքական յիշողութեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն մին է։
🇦🇲🇹🇷Արեւմտահայոց գրականութեան ակունքն էր Պոլիսը, եւ այդ գրականութեան անուններէն շատեր այդտեղ են՝ յաւիտեան։
Պոլիսը մեր անցեալի իրական վկայարանն է, ու Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատունը հանգոյցն է այդ տիրական վկայութեան։
Դիտեցէ’ք...