Օրերս Երուսաղէմի մէջ մահացած է նուիրեալ աւագ ՀՄԸՄ-ական՝ Ռաֆֆի Դաւիթեան։
Տխուր լուրը ստացանք Երուսաղէմի ՀՄԸՄ-ի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած մահագրութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երուսաղէմի մեկուսի շրջանի վարչութիւնը, սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ մահը՝ Ռաֆֆի Դաւիթեանի որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 7 Յունուար 2026-ին։
Այս տխուր առիթով Երուսաղէմի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջը՝ Ռանտայի, զաւակներուն՝ Ռուբինային, Ռիթային եւ Ռոզային, ինչպէս նաեւ եղբայրներուն՝ Շանթին, Սիամանթոյին եւ քրոջ՝ Սրբուհիին եւ բոլոր սգակիր ընտանիքի անդամներուն։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունեցաւ Հինգշաբթի, 8 Յունուար 2026-ին Բեթղեհէմի Սրբ. Ծննդեան եկեղեցւոյ մէջ։