image

Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի վախճանման հինգերորդ տարելիցին՝ հոգեհանգիստ

Հոգելոյս Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը ոչ միայն եկեղեցական բարձրաստիճան սպասաւոր մըն էր, այլ՝ նուիրումի, խոնարհութեան եւ հայրական հոգատարութեան կենդանի օրինակ մը։ Իր ծառայութեամբ ան խոր հետք թողուց Գանատայի Հայոց Թեմի կեանքին մէջ՝ ամրապնդելով հաւատքը, սերմանելով միութիւն եւ սէր հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ հանդէպ։ Անոր յիշատակը կը մնայ օրհնութիւն՝ իբրեւ առաջնորդ, ուսուցիչ եւ հոգեւոր հայր։

Կիրակի, 18 Յունուար, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբազան Արք. Չարեանի նախագահութեամբ, հոգեհանգստեան կարգ պիտի կատարուի եկեղեցւոյ երկարամեայ ու վաստակաշատ սպասաւորին եւ Գանատայի Հայոց Թեմի երկրորդ Առաջնորդին՝ հոգելոյս Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի վախճանման Ե. տարելիցի առիթով։

Նոյն օրը երեկոյեան, Crystal Fountain սրահին մէջ պիտի տեղի ունենայ յուշ-երեկոյ մը՝ նուիրուած վախճանեալ Սրբազան Հօր յիշատակին։ Ձեռնարկի տոմսերուն համար կարելի է հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ։