Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետովը հանդիպած է ԱՄՆ գոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի պատուիրակութեան հետ:
Քննարկուած են ընթացիկ տարածաշրջանային իրավիճակը, օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու նշանակութիւնը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ խաղաղութեան համաձայնագրի հետ կապուած ձեռնարկուող միջոցները:
Անդրադարձ եղած է ԱՄՆ-Ատրպէյճան ռազմավարական գործընկերութեան պատմական փաստաթուղթի նախագիծին, ինչպէս նաեւ երկկողմ օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: