Սպիտակ տունը հաւանութիւն տուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու երկու խոշոր դաշնակիցներուն՝ Իսրայէլին եւ Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր առմամբ 15,67 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքի լայնածաւալ վաճառքին։
Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն՝ Իսրայէլին նախատեսուած 6,67 միլիառ տոլարի զէնք վաճառելու գործարքը կը ներառէ չորս առանձին փաթեթ։
Ատոնց շրջածիրէն ներս Իսրայէլին պիտի մատակարարուին 30 Apache հարուածային ուղղաթիռներ՝ հրթիռային կայանքներով եւ կատարելագործուած նշանառութեան համակարգերով, ինչպէս նաեւ 3 250 թեթեւ մարտավարական մեքենայ։
Սէուտական Արաբիոյ համար նախատեսուած շուրջ 9 միլիառ տոլարի զէնքի խմբաքանակը կը ներառէ 730 Patriot հրթիռ եւ ատոնց սպասարկման համար անհրաժեշտ յարակից սարքաւորումներ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ գործարքը նպատակ ունի աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ չընդգրկուած խոշոր դաշնակցին։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսը պաշտօնապէս ծանուցուած է վաճառքի հաստատման մասին։