image

Յասմիկ Պօղոսեանը դատապարտուած է 4 տարի 6 ամիս ժամկէտով ազատազրկման, կիրառուած է համաներում. Դատախազութիւն

Յասմիկ Պօղոսեանը դատապարտուած է 4 տարի 6 ամիս ժամկէտով ազատազրկման, կիրառուած է համաներում. Դատախազութիւն

Գլխաւոր դատախազութիւնը 2023 թուականի հոկտեմբեր 18-ին տեղեկացուցած էր, որ 2012-2016 թուականներուն ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած Յասմիկ Պօղոսեանը, իր ծառայողական լիազօրութիւններն ի վնաս պետական շահերու օգտագործելով, օժանդակած է «Երեւանի Պ. Չայկովսկիի անուան միջնակարգ երաժշտական դպրոց» ՊՈԱԿ-ին անհատոյց օգտագործման իրաւունքով տրամադրուած հողամասէն առանձնացուած 300 քառակուսի մեթր մակերեսով տարածքը յանցաւոր խումբի կողմէ խարդախութեամբ յափշտակելուն, կը տեղեկացնէ ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը։

Դատախազութենէն կը յիշեցնեն, որ վերոնշեալ տարածքի վերաբերեալ քաղաքացիական գործի շրջածիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան փոխանցուած է Երեւանի Կողբացի փողոցի 36/3 հասցէի վրայ կառուցուած համալիրէն 235,8 քմ մակերեսով տարածքի սեփականութեան իրաւունքը։ Դատախազը 2023 թուականի սեպտեմբեր 27-ին Յասմիկ Պօղոսեանի նկատմամբ յարուցած էր հանրային քրէական հետապնդում։

2023 թուականի հոկտեմբեր 4-ին ՀՀ մշակոյթի նախկին նախարարի վերաբերեալ մասը անջատուած ու յանձնուած էր Հակափտածութեան դատարան։ Հակափտածութեան քրէական դատարանի՝ 2025 թուականի նոյեմբեր 6-ի վճիռով՝ Յասմիկ Պօղոսեանը մեղաւոր ճանչցուած է պաշտօնէական դիրքը չարաշահելու, առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութեան օժանդակելու համար եւ դատապարտուած 4 տարի 6 ամիս ազատազրկման. դատական որոշումն 31 յունուարին մտած է օրինական ուժի մէջ։

Հակափտածութեան քրէական դատարանի վերոնշեալ վճիռով՝ մեղադրեալ Յասմիկ Պօղոսեանը ազատուած է պատիժէն. կիրառուած է 2018 թուականի նոյեմբեր 6-ին ուժի մէջ մտած՝ «Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակի կապակցութեամբ քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին» ՀՀ օրէնքի 2-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտը։