Թունիսի նախագահ Քաիս Սաիտը երկարաձգած է երկարատեւ արտակարգ դրութիւնը 11 ամիսով՝ մինչեւ դեկտեմբեր 31-ը:
Այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ յղում ընելով պաշտօնական տեղեկագրին:
Հիւսիսափրիկեան երկիրը արտակարգ դրութեան մէջ է 2015 թուականէն՝ յարձակման հետեւանքով նախագահի քանի մը անվտանգութեան աշխատակիցներու սպանութենէն ետք: