Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանին հնարաւոր հարուածի շուրջ անորոշութիւնը մտահոգութիւն կ՚առաջացնէ Ատրպէյճանի մէջ։ Այս մասին The National-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։
«Իրավիճակն անկանխատեսելի է, եւ այդ կապակցութեամբ դժուար պիտի ըլլայ ճիշդ գնահատել բոլոր հնարաւոր սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները, որոնք կրնան առաջանալ»,-ըսած է Հաճիեւը:
Ան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանն իր մտահոգութիւնները Ուաշինկթընի հետ չէ քննակած. «Մենք այդ հարցը չենք քննարկեր ԱՄՆ-ի հետ, եւ անոնք նոյնպէս երբեք այդ թեմայով կապի դուրս չեն եկած մեր հետ»։ Անոր խօսքով, վերջին օրերուն Ատրպէյճանի պաշտօնեաները բանակցութիւններ վարած են իրանցի իրենց գործընկերներու հետ:
Հաճիեւը աւելցուցած է, որ ուժանիւթի միջոցներով հարուստ Ատրպէյճանը ինքզինք սեղմուած կը զգայ «երկու պատերազմներու միջեւ». «մէկ կողմէ կը շարունակուի ռուս-ուքրանական պատերազմը, միւս կողմէ՝ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ դիմակայութիւնը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի մասնակցութիւնն այդ հակամարտութեան»։