image
Հրատապ լուրեր:

Հատրութի Խծաբերդ հատուածին մէջ յայտնաբերուած է 6 զինծառայողի աճիւն

Հատրութի  Խծաբերդ հատուածին մէջ յայտնաբերուած է 6 զինծառայողի աճիւն

Որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ Հատրութի շրջանի մարտական գործողութիւններու Թութակներ տեղամասէն Խծաբերդ տանող ճանապարհի 5-րդ քիլոմեթրի հատուածին մէջ յայտնաբերուած է 6 զինծառայողի աճիւն: Այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը:

«Զոհուած զինուորների մօտ պահպանուած զինուորական գրքոյկների միջոցով պարզուել է նաեւ նրանց ինքնութիւնը: Ընդհանուր առմամբ, առայսօր յայտնաբերուել է 1194 աճիւն: Այսօր որոնողական աշխատանքները շարունակւում են Հատրութի, Ջապրայիլի եւ Ասկերանի վերին ենթաշրջանի հատուածներում»,- մանրամասնած է Թադեւոսեանը: