ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանը հայցադիմում ներկայացուցած է Վարչական դատարան՝ ընդդէմ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի։ Այս մասին հաղորդած է «Փաստինֆո»ն։
Ռոպերթ Քոչարեանը հայցադիմումով կը վիճարկէ ԿԸՅ որոշումը։ Ըստ ամենայնի, խօսքը յունիս 17-ին Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութեան մասին ԿԸՅ որոշման մասին է։ Հայցը դատարան մուտքագրուած է երէկ երեկոյեան եւ մակագրուած դատաւոր Գրիգոր Առաքելեանին։ Դեռ առկայ չէ որոշում՝ հայցը վարոյթ ընդունելու մասին։
Նշենք, որ Ռոպերթ Քոչարեանի դէմ քրէական հետապնդում յարուցուած է՝ 22 տարի առաջ կառավարութեան որոշումը հաստատելու վերաբերեալ գործով։ Մասնաւորապէս, խօսքը 2004թ․ կատարուած գործարքի մը մասին է, որ հաստատած է ՀՀ կառավարութիւնը, որոշումը որեւէ կերպ չէ վիճարկուած, տարիներ անց, երբ Ռոպերթ Քոչարեանն արդէն որեւէ պաշտօն չէր զբաղցնէր, անոր որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը, տուեալ ընկերութեան մէջ բաժնեմաս գնած է՝ բաւականին մեծ գումար վճարելով։ Այժմ կ՚ենթադկրեն, որ այդ կապուած է 2004թ․ գործարքի հետ։ Խօսքը «Մաստեր կլաս» թենիսի տարածքի մասին է` «Օրանժ ֆիտնես» ակումբի հարեւանութեամբ։
Արամ Օրբելեանը լրագրողներու հետ զրոյցին ընդգծած էր, որ այս գործընթացին մէջ որեւէ յանցագործութիւն չկայ, իրականութեան մէջ առուվաճառքի պայմանագիր չկայ, վարձակալութիւն է, ներդրումային ծրագրի մասին է խօսքը, քրէական գործն արհեստական է՝ յնարուած։