Համայն Ղըպտիներու Պապը այսօր Երուսաղէմ կը մեկնի: Նշենք, որ Թէոտորոս Պապին այս այցը երկար ժամանակէ ի վեր առաջինն է իր տեսակին մէջ: ԹԷոտորոս Պապ այցելութիւն պիտի տայ Սուրբ Տեղեաց մէջ գտնուող եկեղեցիները եւ վանքերը, որոնց մէջ նաեւ Հայ Առաքելական Սրբոց Յակոբեանց Վանքը, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին հետ: