Քոյր եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող հերթական շփում-հանդիպումներու ծիրէն ներս օրերս Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մեծաւոր Իգնատիոս Աֆրամ Պատրիարքը այցելութիւն տուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան։ Աֆրամ ընդունուած է Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս- Պատրիաք Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեանին կողմէ։
Ստորեւ ատոր մասին «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան պատրաստած լրատւութիւնը։
Երեքշաբթի 21 Յունուար 2025ին Անտիոքի Ասորի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Գեր. Մար Ինքնատիոս Աֆրամ Բ. այցելութիւն տուաւ իր եղբօր ի Քրիստոս` Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, անոր Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան նստավայրին մէջ, Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները փոխանակելու համար։
Հանդիպումի ընթացքին Աֆրամ Պատրիարքը Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ մաղթելով քաջառողջութիւն ու բարօրութիւն։ Անոնք ապա անդրադարձան Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի մասին ու գոյացած զարգացումներուն, անհրաժեշտ նկատելով նոր սահմանադրութեան մը շարադրումը, որ պէտք է երաշխաւորէ բոլորին իրաւունքները եւ ուր պէտք է գործադրուին հաւասարութեան ու արդարութեան սկզբունքները։ Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ Լիբանանի կացութեան մասին յոյս յայտնելով որ Նախագահի ընտրութեամբ Երկիրը դարձեալ վերականգնի։ Անոնց զրոյցներուն նիւթ եղան նաեւ եկեղեցական եւ համայնքային հարցեր։