image

Քիւրտերը համաձայնութիւն կնքեցին Շարաաի կառավարութեան հետ

Քիւրտերը համաձայնութիւն կնքեցին Շարաաի կառավարութեան հետ

Քրտական «Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժեր»-ը  համաձայնագիր ստորագրած է՝ միանալու Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն ենթակայ անվտանգութեան ուժերուն։ Այս մասին յայտնած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարաայի՝ անցումային շրջանի գրասենեակը Telegram-ի իր ալիքով։

Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրուած է Շարաայի եւ «Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժեր»-ու հրամանատար Մազլում Ապտիի հանդիպման ժամանակ։  Ըստ համաձայնագրի, որու բնագիրը հրապարակած է Սուրիոյ ղեկավարի գրասենեակը, «բոլոր քաղաքացիական եւ ռազմական կառոյցները, որոնք տեղակայուած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը, պիտի համարկուին նոր իշխանութիւններու գլխաւորած կառավարման համակարգին»։ Խօսքը, մասնաւորապէս, քրտական տարածքներու բոլոր անցակէտերու, ինչպէս նաեւ այնտեղ գտնուող օդակայանի, կազի ու նաւթի հանքավայրերու մասին է։

Բացի այդ, Դամասկոսի եւ «Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժեր»-ու միջեւ համաձայնագիրը կը նախատեսէ հրադադար ամբողջ Սուրիոյ մէջ եւ քիւրտ բնակչութեան կ՚երաշխաւորէ սահմանադրութեամբ նախատեսուած բոլոր իրաւունքները, ներառեալ քաղաքացիութեան իրաւունքը: Քիւրտերը, իրենց հերթին, կը խոստանան աջակցիլ սուրիական նոր իշխանութիւններուն՝ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի կողմնակիցներու եւ Սուրիոյ անվտանգութեան եւ միասնութեան սպառնացող այլ տարրերու դէմ անոնց պայքարին: 

Համաձայնագիրը էետք է կեանքի կոչուի մինչեւ այս տարուան վերջ։