image

Երեւանէն Մոսկուա թռչող ինքնաթիռը պատրադիր վայրէջք կատարած է Սամարայի մէջ

Երեւանէն Մոսկուա թռչող ինքնաթիռը պատրադիր վայրէջք կատարած է Սամարայի մէջ

Երեքշաբթի առաւօտեան ուքրանական անօդաչուներու զանգուածային գրոհին լոյսին տակ, Մոսկուայի օդակայաններու փակուելէն ետք, դէպի Ռուսիոյ մայրաքաղաք ուղղուող շարք մը չուերթներ վերաուղղորդուած են Վոլկայի դաշնային օքրուկի շրջաններու այլընտրանքային օդակայաններ։

Այսպիսով, Սամարայի «Քուրումոչ» օդակայանը ընդունած է 11 չուերթ, ներառեալ՝ Երեւանէն, յայտնած է օդակայանի մամուլի ծառայութիւնը։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ ՀՕՊ համակարգերը մէկ գիշերուան ընթացքին Ռուսիոյ տարածքին մէջ խոցած են 337 անօդաչու թռչող սարք, կը հաղորդէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Այս յարձակումը ուքրանական անօդաչուներով կատարուած ամենամեծ գրոհն է 2022-ի փետրուարէն՝ պատերազմի սկիզբէն ի վեր։