Անցնող շաբաթներուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի թելադրութեամբ, Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան միօրեայ առաքելութեամբ ուղղուած է դէպի Եագուպիէ, ուր ան դիմաւորուած է տեղւոյն Լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ Ղնէէի հոգեւոր հովիւ կողմէ։ Ան նաեւ այցելած է հայկական զոյգ վերանորոգուած եկեղեցիները՝ Հրաշագործ Ս. Աննայի մատուռը եւ Ս. Հռիփսիմէի եկեղեցին։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Անցնող շաբաթներուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի թելադրութեամբ, Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան միօրեայ առաքելութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Եագուպիէ։
Քահանայ հայրը սիրով եւ ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն Լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Ղուկասին եւ Ղնէէի հոգեւոր հովիւ՝ հայր Խոգազի ու գիւղացիներուն կողմէ։ Ան այցելեց մեր զոյգ եկեղեցիները թէ՛ Հրաշագործ Ս. Աննայի մատուռը, եւ թէ Ս. Հռիփսիմէի եկեղեցին, որոնք վերանորոգուած ու բարեզարդուած են, ինչպէս նաեւ Լատինաց եկեղեցին, եւ բոլոր սրբավայրերուն մէջ ալ ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ՝ գոհութեան ու փառաբանութեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ իր օրհնութիւններուն, բարիքներուն ու ողորմութեան համար։ Քահանայ հայրը այցելեց նաեւ հայկական Ազգ. Վերածնունդ վարժարանը իր յարակից մասերով եւ գերեզմանատունը, որոնք նորոգուած եւ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին։ Քահանայ հայրը հանդիպեցաւ նաեւ կարգ մը հայ ընտանիքներու հետ, որոնք այնտեղ կը բնակին։ Կացութիւնը որոշ իմաստով բարելաւուած է կ՚ըսուի եւ կարգ մը ընտանիքներ արդէն սկսած են վերադառնալ եւ ստանձնել իրենց բնակարաններն ու կալուածները։
Կը յուսանք, որ մօտ ապագային կեանքը կը վերագտնէ իր բնականոն ընթացքը եւ բռնի պայմաններու տակ իրենց ծննդավայրն ու գիւղը թողած եւ այլ շրջաններ ապաստանած մեր ժողովուրդի զաւակները կը վերադառնան իրենց սիրելի եւ կարօտալի աւանը՝ Եագուպիէ եւ վերատիրանալով իրենց կալուածներուն, արտերուն ու բնակարաններուն, նոր շունչով, երազներով, յոյսերով ու վերանորոգ յանձնառութեամբ կը շարունակեն իրենց կեանքը, աշխատանքն ու առօրեան։