Օրերս, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն` հակադաշնակցական անարգ եւ դաւադիր ոճիրի մը պատճառով Այնճարի իր սեփական վաճառատան մէջ նահատակուած Զաւէն Թաշճեանի 39-րդ տարելիցին առիթով:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ․
Կիրակի, 2 մարտ 2025-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հակադաշնակցական անարգ եւ դաւադիր ոճիրի մը պատճառով Այնճարի իր սեփական վաճառատան մէջ նահատակուած Զաւէն Թաշճեանի 39-րդ տարելիցին առիթով: Ապա ժողովուրդը ուղղուեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Զաւէն Թաշճեան» սրահ, ուր կատարուեցաւ յիշատակի հաւաք:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Յակոբ Այնթապեան, որ նշեց, թէ Այնճարի պատմութեան մէջ աննախընթաց սեւ օրուան մը վերածուեցաւ այն օրը, երբ անարգ ոճիրի զոհ գնաց Զաւէն Թաշճեան, որովհետեւ այդ օրը մեծ հարուած ստացաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, որբացաւ հայ ընտանիքը` գիւղի ղեկավարին կորուստով:
«Տագնապը համագիւղական չէր միայն, այլ` համահայկական, որովհետեւ սպաննուած էր Հայ դատի պաշտպանն ու հակաթուրք պայքարի առաջամարտիկներէն մեր աննկուն կամքով գործող ղեկավարը», շեշտեց ան:
Յակոբ Այնթապեան իր խօսքին մէջ վերյիշեց Զաւէնի երէց որդիին` Կարոյին բառերը. «Կրնան սպաննել Զաւէնը, զաւէններ… բայց չեն կրնար սպաննել գաղափարը, որ կու գայ հայ հոգիին խորերէն եւ կը գոյատեւէ յաւիտեանս յաւիտենից»: Ան նաեւ յիշեց Կարոյին մէկ այլ խօսքը, ուր ան կ՛ըսէ. «Նահատակութիւնդ ի զուր չէ պա՛պ, այսօր մենք հզօր բանակ ունինք, նաեւ` անկախ ու ազատ Հայաստան եւ Արցախ ու երթդ կը շարունակուի…»:
Այնթապեան ցաւ յայտնեց, որ այսօր երկնքի արքայութեան մէջ է նաեւ Կարոն, հայոց բանակը կքած է ու Արցախի անկախութիւնը` չքացած, բայց ընկեր Զաւէնի երթը նոյնինքն «Զաւէն Թաշճեան» այս սրահէն կը շարունակէ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն:
Խօսք առաւ նաեւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը, որ վկայեց, թէ Զաւէն Թաշճեան մաս կը կազմէր Այնճարի հիմնադրութեան առաջին սերունդին, որ մինչեւ վերջ կառչած մնաց Այնճարի հողին, ջուրին ու մանաւանդ ժողովուրդին: Ան շեշտեց, որ ինքնազարգացումով հասակ առած ղեկավարը եղաւ մեր սերունդի կարեւորագոյն ուսուցիչներէն մին:
Գիւղի հաստատութիւններով, միութիւններով ու համայնքներով մտահոգուող Զաւէն Թաշճեան յաջողեցաւ միակամ գիւղի ղեկավարութիւն ստեղծել եւ շատ յաճախ իր անձնական օրինակով զինք շրջապատողներուն ցոյց տուաւ ծառայութեան արուեստը:
«Երանի ողջ ըլլար այսօր Զաւէն Թաշճեանը, եւ մենք իր կենդանութեան պատուէինք զինք», եզրափակեց քաղաքապետը:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Եզեկել վրդ. Սէլումեանի աղօթքով: