«Աղբիւրի կուժը աղբիւրի ճամբուն ալ կը կոտրուի...». ճիշդ այս ճակատագիրը ունեցաւ Քեսապի հարազատ զաւակ Արարատ Մահտեսեան, որ անժամանակ մահով կը հեռանայ մեզմէ։
«Արեւելք» այս տխուր լուրը ստացաւ Քեսապի իր աղբիւրէն, որ նաեւ հաղորդեց, թէ Արարատ հերթականին պէս հողագործական աշխատանքներ կը կատարէր, ու ճակատագրի դառն խաղին հետեւանքով յաւերժին փակեց իր աչքերը։ Մանրամասնութեանց մէջ ելեկտրական բարձր լարումի լարը , որ կ՚անցնէր այն հողամասէն, ուր կ՚աշխատէր Արարատ, պատճառ դարձած է (սխալմամբ հպած է լարին) ծանր ելեկտրահարման, եւ ան տեղւոյն վրայ մահացած է։
Քեսապի բնիկ զաւակ Արարատ մասնաւորապէս Սուրիոյ պատերազմի ծանր օրերուն անցած էր ցաւոտ փորձութիւններէ։ Ան վիրաւորուած էր եւ երկար ժամանակ տեւած էր անոր բուժումը։
Քեսապը սիրող, Քեսապի ժողովուրդին հանդէպ սէր ու ակնկածանք ունեցող Արարատ բոլորին կողմէ սիրուած երիտասարդ էր։ Բոլորին հասնող եւ բոլորին օգնութեան ձեռք մեկնող երիտասարդի մահուան ցաւը այսօր տարածուած է ամբողջ գիւղին մէջ։
Արարատի վերջին հրաժեշտի եւ թաղման արարողութեանց մասին պիտի հաղորդուի աւելի ուշ։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները Արարատի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն։