Մերձմոսկովեան Ռամենսքոյէի, Վիտնոյէի եւ Տոմոտետովոյի մէջ ուքրանական անօդաչուներու զանգուածային յարձակման հետեւանքով տուժածներու թիւը հասած է 20-ի, անոնց մէջ նաեւ 3 երեխայ կայ, յայտնած է «Mash» Telegram- ալիքը։
Տոմոտետովոյին հասցուած հարուածի հետեւանքով «Միրաթորկ» ընկերութեան մեքենաներու կայանատեղիին մէջ մահացած անվտանգութեան աշխատակիցը 37-ամեայ Անտրէյ Կ.-ն է, որ կ՚աշխատէր անօդաչուի հարուածէն տուժած բնակելի համալիրին մօտ գտնուող հանրախանութներէն մէկուն մէջ։ «Միրաթորկ»-ի երկու ուրիշ աշխատակիցներ ալ վիրաւորուած են․ 50-ամեայ տղամարդը այս պահուն կը գտնուի Վիտնովսքայա հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք՝ գլխուն բաց վիրաւորումով, իսկ 44-ամեայ տղամարդը գլխու վնասուածքներով տեղափոխուած է Տոմոտետովոյի հիւանդանոց։
Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպեանին յայտնած է, որ Ռուսիոյ ՀՕՊ ուժերը կը շարունակեն ետ մղել Մոսկուայի վրայ կատարուած յարձակումը։ Գիշերուան ընթացքին Ռուսիոյ տարածքին վրայ խոցուած է թշնամիի 337 անօդաչու թռչող սարք, որոնցմէ 91-ը՝ Մոսկուայի մարզի երկինքին մէջ։ Տոմոտետովոյի մէջ անօդաչուներու բեկորներու անկման պատճառով փոքր վնաս կրած է փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքը, իսկ երկաթուղային կայարանին մէջ գնացքներու երթեւեկութիւնը ժամանակաւորապէս յետաձգուած է։
Յարձակման լոյսին տակ, «Ռոսավիացիա»-ի մամուլի ծառայութիւնը յայտարարած էր մայրաքաղաքի «Վնուքովօ», «Շերեմեթեւօ», «Ժուքովսքի» եւ «Տոմոտետովօ» օդակայաններու շահագործման ժամանակաւոր սահմանափակումներու մասին։
Մեկնաբանութիւն՝ Զախարովայէն
Մոսկուայի վրայ անօդաչուներու յարձակումը կապուած է ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղարի այցին հետ, յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Առաջին անգամը չէ, որ օտարերկրեայ բարձրաստիճան պատուիրակութեան այցը Մոսկուա կ՚ուղեկցուի Ուքրաինայի ԶՈՒ-ի անօդաչուներու յարձակումով։ Ահա եւ այս գիշեր, Քիեւի վարչակազմը անօդաչու սարքեր ուղղած է դէպի մայրաքաղաք՝ այն ժամանակ, երբ ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղարը պէտք է այցելէր։ Այն կազմակերպութեան ղեկավարը, որուն Զելենսքիի հովանաւորները զրկած են իր նախնական առաքելութենէն՝ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան ապահովումէն»,– նշած է Զախարովան՝ Telegram-ի իր ալիքով։
ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն մարտ 11-ին աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Մոսկուա, ուր պիտի բանակցի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։