2024 թուականին Հայաստան այցելած է մօտաւորապէս 2 միլիոն 215 հազար զբօսաշրջիկ՝ 2,000-3,000-ով պակաս անցեալ տարուան թիւէն: Այդ մասին 2024 թուականը ամփոփող ասուլիսի ժամանակ ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը:
«Այս տարի ունեցել ենք մօտ 2 մլն 215 հազար զբօսաշրջիկ. սա մօտաւորապէս 7 տոկոսով անցած տարուայ ցուցանիշի նուազում է: Բայց նուազել է փաստացի հիմնականում Ռուսաստանից եկող զբօսաշրջիկների թիւը»,- ըսած է Պապոյեանը:
Միաժամանակ Հնդկաստանէն, ԱՄԷ-էն, Վրաստանէն, Իրանէն, Ֆրանսայէն, Չինաստանէն, Հարաւային Քորէայէն զբօսաշրջիկներու թիւն աւելցած է:
Ըստ Պապոյեանի՝ Կառավարութիւնը կը շարժի իր թիրախին համահունչ, իսկ 2026-ի թիրախն է ունենալ 2,5 միլիոն զբօսաշրջիկ: