image

«Չի բացառուիր, որ Սուրիան մտնէ քաղաքացիական պատերազմի նոր փուլի մը մէջ». Արմենակ Թոքմաճեան

 «Չի բացառուիր, որ Սուրիան  մտնէ քաղաքացիական պատերազմի նոր փուլի մը  մէջ». Արմենակ Թոքմաճեան

Սուրիան կը շարունակէ մնալ կարեւոր զարգացումներու թատերաբեմ, թէ ինչ ապագայ կը սպասէ Սուրիոյ, այս մասին զրուցեցի միջազգային «թինք-թանք»երու աշխատակից, Սուրիոյ հարցերով տարբեր հանդէսներու մէջ հանդէս եկող յօդուածագիր, վերլուծաբան՝ Արմենակ Թոքմաճեանի հետ։

-Վերջին օրերու զարգացումները կարծես ցոյց կու տան, որ իրապէս Սուրիան ներքաշուած է շրջանային մեծ պայքարի մը մէջ։ Մէկ կողմէն Անգարա, միւս կողմէն Քաթար եւ մնացեալ տէրութիւնները, կարծես պայքարի մը մէջ մտած են, թէ ով աւելի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Սուրիոյ մէջ։ Թուրքիան անվտանգային կարեւոր գործօն է, միւս կողմէ՝ առանց Սէուտական Արաբիոյ նեցուկին անհնար է որ Սուրիան վերականգնուի։ Այս բոլորի մասին, ի՞նչ է  Ձեր կարծիքը։

 Սուրիոյ  պատերազմին   սկիզբէն՝  2011 թուականէն սկսեալ, այդ երկիրը  կը շարունակէ   շրջանային մեծ պայքարներու կիզակէտին։ ։ Հակառակ այն տպաւորութեան, որ սուրիական հարցը կրնայ  երկրի սահմաններուն մէջ լուծուիլ, որովհետեւ Ասատը տապալած է, յեղափոխութիւնը յաղթած է եւ այլն, բայց, ինչպէս որ նշեցիք,  այն միայն  ներքին հարց մը չէ, այլ միջազգային  խնդիր մըն է։ Այստեղ  կարեւոր է հաշուի առնել, որ եթէ  մօտիկ անցեալի Պաշշար Ասատ առաջին հերթին կ՚այցելէր Թեհրան եւ Մոսկուա, ապա նոր Սուրիոյ  ղեկավարները ընտրեցին Ռիատը եւ Անգարան. Նշեմ նաեւ,   որ  հակառակ անոր, իր պրն. Ահմատ  Շարաա դեռ  մինչեւ այս պահը Քաթար չէ գացած բայց Քաթարի  իշխանը եւս քանի մը օր առաջ Սուրիա էր։

Այս երեք ուժերը, այսօրուան դրութեամբ, կը պայքարին Սուրիոյ մէջ մեծ ազդեցութիւն ունենալու համար. պարսկական ազդեցութիւնը բաւականին տկարացած է, եթէ ոչ՝ զէրոյացած։ Բայց այստեղ բացի տարածաշրջանային դերակատարներէն ուրիշ ուժ մըն ալ կայ, որ  Միացեալ Նահանգներն է. ճիշդ է Սուրիոյ մէջ անոնց զօրքերու եւ ներկայութեան  շարունակականութեան  պարագան դեռ յստակ չէ, որուհետեւ Թրամփ դեռ որոշում չէ կայացուցած, ամենանդէպս, ամերիկացիներն ալ այս իրավիճակէն դուրս ելան որպէս,  յաղթող ուժ։

 

-Մեզի հայերուս, համար շատ ցաւագին թեմա մըն է,  Սուրիոյ թեման։ Հակառակ որ մեր հասարակութիւնը տուժեց, վնասներ կրեց եւ կորուստներ ունեցաւ՝ մարդկային, ֆիզիքական, նիւթական, կալուածային եւ այլն, բայց այնուամենայնիւ, հայութեան մեծ տոկոսը մինչեւ այս պահը համոզուած է որ Սուրիոյ  նախկին իշխանութիւնները աւելի լաւ էին, քան այսօրուան այն իշխանութիւնները, որոնք տարբեր փուլերու երեւցան պատերազմական ամենաթէժ, ամենավտանգաւոր, նոյնիսկ ամենաանմարդկային իրավիճակներու մէջ։ Այսօր նոր իրավիճակ մը կայ, բայց, ըստ երեւոյթին, տակաւին հայութիւնը չէ կրցած այս բոլորը ընկալել, ի՞նչ կը մտածէք դուք այդ առումով։

Այս հարցումի  ուղիղ  եւ կարճ պատասխանը այն է, որ անորոշ է Սուրիոյ իրավիճակը բոլորին  եւ  ոչ միայն հայերու համար։ 

Անկախ Ասատի ռեժիմին կամ կառավարութեան գնահատական տալէն, հայերու տեսանկիւնէն, մանաւանդ 2011 թուականէն առաջ եւ նոյնպէս 2011 թուականէն յետոյ, իրավիճակը վատ չէր, կամ վատ էր այնքանով, որ ընդհանուր առմամբ Սուրիոյ իրավիճակն էր վատ, բայց հայերը որպէս հասարակութիւն թիրախաւորուած չէին։ Հիմա իրավիճակը, բնականաբար, փոխուած է, եւ եկած են այնպիսի ուժեր, որոնց օրով հաւանական  կրնայ  դառնալ առնուազն երեք մակարդակի  սպառնալիքներ՝ քաղաքացիական պատերազմի վերադարձ, տնտեսական  տագնապի յաւելեալ սրացում, հասարակական եւ մշակութային  պարտադրանքներ։

Հակառակ որ, ընդհանուր առմամբ, սուրիական ընդդիմադիր ուժերը կամ ձայները բաւականին լաւատես են Սուրիոյ ապագայի նկատմամբ, սակայն կայ հաւանականութիւն, որ Սուրիան կրնայ վերադառնալ քաղաքացիական պատերազմի փուլին եւ այս տարբերակը, կը կարծեմ, հայերու համար բնաւ լաւ չէ, որովհետեւ արդէն գրեթէ 15 տարի է պատերազմական վիճակ ապրելով մարդիկ սպառած են։

Գալով տնտեսական վիճակին, եթէ յառաջիկայ քանի մը ամիսներու  կամ տարիներու ընթացքին Սուրիոյ իրավիճակը կայունանայ եւ Ամերիկան պատժամիջոցները թեթեւցնէ կամ հանէ, կրնայ տնտեսական աճ գրանցուիլ Սուրիոյ մէջ, եւ այդ պարագային գոնէ հայութեան կալուածներուն արժէքը կը բարձրանայ։ Իմ կարծիքով, սակայն սուրիահայութեան համար խնդիրները տարիներ անց կրնան ըլլալ ոչ թէ ապահովական եւ տնտեսական, այլեւ հասարակական եւ մշակութային։ Ինչպէս գիտէք, հայերուն  համար կարեւոր է հասարակական եւ մշակութային կեանքը, հայերը Սուրիա հարիւր տարիէ աւելի ապրած են ոչ միայն տնտեսական հնարաւորութիւններուն շնորհիւ , այլ որովհետեւ կար ազատութիւնը իրենց մշակութային կեանքը ապրելու, ստեղծագործելու եւ զարգացնելու. այս առումով, եթէ նկատի առնենք նոր եկող ուժերու մտածելակերպը, անցեալը (ի վերջոյ Ահմատ Շարաա եւ իր արտաքին գործոց նախարարը «Ժապհէթ ալ-Նուսրա»ի հիմնադիրներէն եղած են), ապա հարց կը ծագի, թէ՝ տաս տարուան մէջ ի՞նչքան կարելի է փոխուիլ կամ փոխակերպուիլ…։ իմ կարծիքով տաս տարուան մէջ մարդ չի կրնար ծայրայեղ «Իսլամիստ»էն ծայրայեղ լիպերալի վերածուիլ, այդպիսի փոփոխութիւնները գոնէ տասնամեակներ կը պահանջեն։ Այս առումով քիչ մը մտահոգ եմ  մեր համայնքին  համար, որովհետեւ, այո՛, մեր դպրոցները կը գործեն, բայց օրինակ տեսանք թէ կրթութեան նոր նախարարը ինչպիսի նախնական փոփոխութիւններ կատարեց կրթական ծրագրին մէջ (օրինակ՝ ուղեղի զարգացման Տարուինեան տեսլականը, նաեւ շատ նախադասութիւններ, որոնք Սուրիան կը բնորոշեն որպէս հիմնաքար սուրիացիներու ինքնութեան՝ հանուեցան ծրագրէն), եւ այս փոփոխութիւնները   բաւական մտահոգիչ են։ Եթէ Սուրիան կ՚երթայ իսլամական, աւելի պահպանողական մոտելի, այդ չի նշանակեր որ հայերու համար ապահովական սպառնալիք կայ, բայց մշակութային, կենցաղային տեսանկիւնէ կը կարծեմ կեանքը կրնայ դժուարանալ։

 

-Այստեղ պիտի ուզեմ մէջբերել լիբանանցի յայտնի քաղաքական գործիչ, «Լիբանանեան ուժեր»  կուսակցութեան  նախագահ Սամիր Ժաաժաի խօսքը, որ կ՚ըսէր «ինչ ալ պատահի Սուրիոյ մէջ, ապա Ասատեան ռեժիմէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ», դուք կը բաժնէ՞ք այդ մօտեցումը։

Ժաաժա բնականաբար իր տեսանկիւնէն կը խօսի, մեր՝ հայերու, տեսանկիւնէն աւելի լաւ տարբերակը այս պահուն քիչ մը դժուար է պատկերացնելը։ 

Ասատի ժամանակաշրջանէն աւելի լաւ ժամանակաշրջանի մասին խօսիլը դեռ շատ վաղ է, տասնեակ տարիներ պէտք են, որպէսզի տեսնենք, թէ  Սուրիան, դէպի  ուր պիտի երթայ։

 

-Իսկ ինչ կը վերաբերի քաղաքական արեւելումին, ի՞նչ կը կարծէք, ի՞նչպիսին է ուժերու հաւասարակշռութիւնը։

Սուրիոյ մէջ այս փոփոխութիւնը որ տեղի ունեցաւ շատ նպաստաւոր է հիմնականին մէջ Թուրքիոյ համար։ Դուք նշեցիք, որ Սէուտական Արաբիան կը փորձէ հակակշռել Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ, այո՛, ճիշդ բնուդագրում է, բայց, ամենայն դէպս, ես այդ առումով շատ լաւատես չեմ, որովհետեւ Ծոցի երկիրները, հակառակ վերջին տաս տարիներու ընթացքին իրենց  գրանցած տնտեսական մեծ աճին եւ այլ ոլորտներու մէջ զարգացման, տակաւին տարածաշրջանային մեծ հարցերու մէջ որոշիչ դեր ունենալու կարողութիւնը չունին, թերեւս կարողութիւնը ունին արգիլելու որոշ բաներ (օրինակ՝ Պըն Սըլմանը կրնայ Թուրքիոյ ըսել՝ կ՚ուզենք որ Դամասկոսը արաբական ազդեցութեան տակ մնայ, կամ ըսել՝ հարաւէն հեռու մնացէք, այլապէս մենք գումար չենք տար Սուրիան վերակառուցելու համար)։ Սակայն, միայն այն հանգամանքը, որ Թուրքիան շատ աւելի երկար ժամանաէ ի վեր  անկախ պետութիւն է եւ ունի իր անկախ արտաքին քաղաքականութիւնը, ունի իր յատուկ յարաբերութիւնները տարածաշրջանի եւ աշխարհի մեծ երկիրներու հետ, իրեն շատ մեծ առաւելութիւններ կու տայ այս պայքարին մէջ։ Այստեղ չմոռնանք նաեւ Քաթարի դերը. եթէ Թուրքիան կրնայ ռազմավարութիւն մշակել, բայց միջոցներ չունենալ զայն իրականացնելու համար, ապա Քաթարը կը ներկայանայ որպէս, կոպիտ ըսած, «դրամատուն»՝ Թուրքիոյ համար։ Ինչքանով Սէուտական Արաբիան կրնայ հակակշռել այս երեւոյթը, տարիները ցոյց կու տան, բայց եթէ Սուրիան դառնայ համեմատաբար կայուն երկիր, կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը անհամեմատ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ։

Այստեղ երկու գործօն կայ որ դեռ կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ այս ռազմավարութեան, մէկը՝ Ամերիկայի եւ քիւրտերու ներկայութիւնն է հիւսիս արեւելքի մէջ, միւսը՝ քաղաքացիական պատերազմի վերսկսման վտանգը։ Եթէ նախագահ Թրամփ, որ մօտաւորապէս 2000 զինուոր ունի հիւսիս արեւելքի եւ Թանաֆ (Իրաքի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի սահման) շրջանին մէջ, որոշէ Սուրիայէն լրիւ քաշել իր զօրքերը, սա մեծ նուաճում կ՚ըլլայ Թուրքիոյ համար,  որ այդ պարագային ոչ միայն Դամասկոսի վրայ վերահսկողութիւն կ՚ունենայ, այլեւ ամբողջ սահմանային շրջաններուն՝ Աֆրինէն մինչեւ Գամիշլի։ Իսկ երկրորդ սենարը որ Թուրքիոյ համար վատ կ՚ըլլայ, ինչպէս ըսինք, Սուրիոյ վերադարձն է քաղաքացիական պատերազմի, որովհետեւ անկայունութիւնը տնտեսութեան համար վատ է, եւ կրնայ դէպի Թուրքիա  փախստականներու նոր ալիք առաջացնել։

 

-Կարեւոր օղակներէն մէկը բաց չձգելու համար, նաեւ կ՚ուզէի խօսինք քիւրտերու մասին, որովհետեւ մենք չենք գիտեր հոն ինչ է իրավիճակը, այդեօք անոնք  տակաւին ներուժը  ունին դիմադրելու այս բոլորին։

Քիւրտերու պարագային հետաքրքրական նկատառում մը կայ, եթէ առաջ լիպերալները, արապիսթները, պետութեան կողմնակիցները, փոքրամասնութիւնները ինչ որ չափով թշնամաբար կը նայէին քիւրտերուն եւ անոնց ծրագրին, որուն պահանջն էր փոքր, ոչ պաշտօնական երկիր՝ Սուրիոյ սահմաններուն մէջ, այսօր իրավիճակը փոխուած է, քիւրտերը դարձած են Սուրիոյ լիպերալներու, աշխարհիկ ուժերու յոյսը, որովհետեւ քրտական զօրքն է որ հիմա կը կանգնի Թուրքիոյ եւ անոր սատարած իսլամիսթ ուժերու ճանապարհին, այլ ուժ չկայ հիւսիս արեւելքի մէջ. Ըստ վերջին տուեալներու, այնտեղ գոնէ 40 000 քիւրտ բանակային կայ,  որոնք զինուած են ամերիկեան զէնքերով եւ կան նաեւ արդէն 20-40 հազար արաբական ուժեր, որոնք քիւրտերուն միացած էին 2016-18 թուականներուն՝ «Տահէշ»ի դէմ պայքարելու համար (արաբական ուժերը սակայն ժամանակի ընթացքին կրնան քիւրտերուն հետ իրենց համագործակցութիւնը դադրեցնել եւ միանալ Դամասկոսի ղեկավարութեան), Ասատի ռեժիմի տապալումէն ետք քիւրտերու ձեռքը անցած է նաեւ Գամիշլիի եւ Հասաքէի մէջ սուրիական բանակին պատկանող ռազմակայանները, օդանաւերը, ԱԹՍ-ները եւ զէնքերը։ Հակառակ այս բոլորին, քիւրտերու համար ալ ամենակարեւոր գործօնը Ամերիկայի ներկայութիւնն է, որովհետեւ եթէ ամերիկացիները որոշեն քաշուիլ, կը կարծեմ որ Շարաաի ուժերը հարաւէն կը ներխուժեն դէպի Տէր Զօր, իսկ թուրքերը՝ հիւսիսէն։

Այստեղ մէկ բան ալ աւելցնեմ, եթէ առաջ ամերիկացիներն էին այն գրաւականը, որ քրտական ծրագիրը  կը շարունակուէր կամ գոնէ չէր ջախջախուէր Թուրքիոյ կողմէ, ապա շատ հետաքրքրական է որ  վերջերս Իսրայէլ եւս շատ հետաքրքրուած է քրտական շրջաններով, նոյնիսկ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով քրտանպաստ յայտարարութիւններ եղած են վերջերս, իսկ ոչ պաշտօնական ալիքներով կը քննարկուի հետաքրքրական սենար մը, որ Իսրայէլի աջակցութինն է փոքրամասնութիւններուն՝ ծովէն մինչեւ քրտական շրջաններ. հիմա սա կ՚իրականանայ թէ ոչ, դժուար է ըսել, բայց մենք բոլորս գիտենք, որ Ամերիկայի ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ բացի ամերիկեան շահերէն, առաւել եւս կը բխի Իսրայէլի շահերէն. եւ եթէ Իսրայէլ շահագրգռուած է ամերիկեան ներկայութեամբ, կը կարծեմ այդ մէկը առաւել եւս պատճառ է նախագահ Թրամփին գոնէ 1-2 տարի եւս Սուրիոյ մէջ մնալ, մինչեւ որ հարցը հանգուցալուծուի։

 

Ձեր կարծիքով  ամերիկացիք կը ծախե՞ն քիւրտերը։

Տպաւորութիւնը այդպէս էր, բայց Իսրայէլի գործօնը կարծեմ շատ բան կը փոխէ։

 

Սագօ Արեան